Թրքական Ալեւի Իսլամութեան Երեւոյթը

alevibektashiՎերջերս Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան մասին արժէքաւոր գիրք մը լոյս տեսած է Օսքֆորտ համալսարանի տպարանէն: «Կրօնի մասին գրել. թրքական ալեւի իսլամութեան երեւոյթը» խորագիրով գիրքին հեղինակն է Մարքըս Տրեսլըր:

Շահին Ալփայ «Թուտէյզ Զաման»-ի մէջ գրախօսականով մը կ՛անդրադառնայ գիրքին՝ նշելով, որ անիկա Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարացման եւ աշխարհականացման գլխաւոր խնդիրներէն մէկուն՝ Թուրքիոյ ամէնէն մեծ փոքրամասնութեան՝ ալեւիներու դէմ իրաւական եւ ընկերային խտրականութեան ենթահողը հոյակապ կերպով կը ներկայացնէ:

Տրեսլըրի ուսումնասիրած գլխաւոր հարցը այն է, թէ գըզըլպաշ համայնքները, որոնք օսմանեան ժամանակաշրջանին հերետիկոսական, անբարոյական եւ անհաւատարիմ կը նկատուէին ու բռնաճնշումներու կ՛ենթարկուէին, հետագային՝ հանրապետական ժամանակաշրջանին «ալեւի» կոչուեցան եւ իսլամներ ու թուրք ժողովուրդին անբաժան մէկ մասը նկատուեցան:

Տրեսլըր կը յայտնէ, որ Համաշխրահային Ա. պատերազմին հայերու տեղահանումէն եւ պատերազմէն ետք, ինչպէս նաեւ Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բնակչութեան բռնի փոխանակումէն ետք, հանրապետական Թուրքիոյ քեմալական ազգայնական հիմնադիրներուն համար աշխարհիկ եւ իսլամ թուրք ազգ մը ձեւաւորելու ջանքերուն ծիրին մէջ դիմագրաւած ամէնէն մեծ խնդիրներէն մէկը ալեւիները թուրքերու հետ ձուլելու հարցն էր:

Ալեւիներու շուրջ 20-30 առ հարիւրը քրտական ծագում ունի եւ բաժնուած է երկու մասի՝ իրենց կրօնը իսլամութեան մէջ երրորդ յարանուանութիւն մը նկատողներու եւ ամբողջովին անջատ կրօն մը նկատողներու միջեւ:

Ըստ Տրեսլըրի, քեմալականները այս հարցը լուծելու համար մերժած են ալեւիները անբարոյ եւ անհաւատարիմ հերետիկոսներ նկատող օսմանեան կեցուածքը եւ զանոնք նկատած են  Կեդրոնական Ասիոյ թրքական մշակոյթն ու հաւատամքը կրողներ: Քեմալականները նաեւ մերժած են տեսակէտը արեւմուտքցի միսիոնարներու, որոնք ալեւիներու ծագումը առնուազն մասնակի կերպով հին անատոլեան քաղաքակրթութեանց եւ հայերուն կը վերագրէին, ինչպէս նաեւ կը նշէին, որ անոնց համոզումները քրիստոնէութենէն ազդուած են, եւ փոխարէնը զանոնք իսլամութեան մէկ մասը նկատեցին:

Ինչպէս ծանօթ է, 1980-ական թուականներուն Թուրքիոյ ալեւիները սկսան հարցականի տակ առնել քեմալական պետութեան կողմէ իրենց վերագրուած թուրք-իսլամական ինքնութիւնը: Անատոլուի ալեւիները այսօր յստակ կերպով բաժնուած են թուրքերու (որոնք թրքերէն կը խօսին) եւ քիւրտերու (որոնք քրտերէնի քըրմանճի կամ զազա բառբառները կը խօսին) միջեւ: Վերջիններս զիրենք թուրք-իսլամներ նկատող պետական կեցուածքին դէմ ամէնէն ուժեղ հակազդեցութիւնը կը ցուցաբերեն:

Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իշխանութեան տակ, կառավարութիւնը, հետզհետէ աճող բողոքի ցոյցերու լոյսին տակ, վերջապէս վերջ տուած է քրտական եւ ալեւի ինքնութեան մերժումին եւ նոյնիսկ անոնց պաշտօնական ճանաչման ուղղութեամբ որոշ քայլեր առած է: Բայց եւ այնպէս, ընկերութեան թուրք-իսլամական ինքնութիւն մը պարտադրելու պետական վարքագիծը կը շարունակուի սիւննիներու վերահսկողութեան տակ գտնուող Կրօնական հարցերու տնօրէնութեան ճամբով: 1920-ական թուականներուն հաստատուած վերոնշեալ տնօրէնութիւնը քեմալական պետութեան սիւներէն մէկն է եւ կրօնի վրայ պետական մենաշնորհ ու վերահսկողութիւն ապահովելու կը ծառայէ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )