Տէրսիմի Լուռ Յեղափոխութիւնը
ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ
21-րդ դարու Թուրքիոյ մէջ ականատես կը դառնանք հսկայական ընկերային փոփոխութիւններու եւ վերիվայրումներու, որոնք մինչեւ օրս թերեւս աներեւակայելի էին: Հրանդ Տինքի դատապարտելի սպանութիւնը դարձաւ այն կայծը, որուն հիման վրայ մարդիկ սկսան գտնել, իմանալ եւ վերադառնալ իրենց հայկական ակունքներուն ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին: Սակայն այն տասնեակ շրջաններէն, որոնք հայրենիքը կը հանդիսանան այս թաքուն հայերուն, Տէրսիմը (Թունճելի) պէտք է յատկանշուի որպէս յատուկ ընկերային, մշակութային եւ յեղափոխական մթնոլորտ ունեցող շրջան կամ միջավայր մը: Այս ապստամբութեան եւ մերժումի տարբեր երեսներն ու քննարկումը հիմնական մասը պիտի կազմեն այս յօդուածին: Հակառակ անոր որ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը կրնայ այս «վերադարձին» ուղղակի պատճառը չըլլալ, սակայն անիկա հանդիսացաւ ընկերա-քաղաքական այն ճեղքը, ուրկէ դուրս սկսան ժայթքիլ ակունքներու փնտռտուքի այս ամբողջ աշխատանքները, ոգին եւ նախաձեռնութիւնները:
Հակառակ անոր որ Տէրսիմի քիւրտերու վայրագ ջարդերը 1938 թուին կը խորհրդանշեն քեմալական Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու դէմ պայքարի գագաթնակէտը 20-ական եւ 30-ական թուականներուն, սակայն հետաքրքրականօրէն կը համընկնին նաեւ Հայկական հարցին եւ վիշտին հետ: 1915-ին Տերսիմի ալեւի, գըզըլպաշ, զազա եւ քիւրտերէն բաժին մը, որոնք կը բնակին այդ շրջանին մէջ, ընդունեցին ցեղասպանութենէն հազիւ ճողոպրած հայորդիներուն (մեծամասնութեամբ Երզնկայէն) եւ անոնց տրամադրեցին ապաստան, սնունդ եւ ապահովութիւն, շատ յաճախ քաջատեղեակ ըլլալով, թէ սոյն արարքները կրնային վտանգել իրենց կամ իրենց հարազատներուն կեանքն ու ապահովութիւնը (1): Խօսելով այս մասին՝ գերմանական դեսպանատան Էրզրումի փոխհիւպատոս Մաքս Էրուին Վոն Շուպներ-Ռիխթըրը կը գրէ հետեւեալը.- Քիւրտերը շատ տարբեր պաշտօններ ունէին: Շատեր դարձան հայերու դահիճը, սպաննեցին տղամարդիկը, առեւանգեցին կիները եւ կողոպտեցին հարստութիւնը: Յստակ գործակցութիւն մը կար թուրքերու եւ քրտական ցեղախումբերու միջեւ: Բայց կար մէկ բացառութիւն. Տէրսիմի քիւրտերը, պատմական գըզըլպաշներու ժառանգորդները, որոնք չէին բաժներ սիւննի հաւատքը եւ որոնք նոյնիսկ ազգային կապ չունէի՛ն հայերու հետ: Այս մարդիկը հանդիսացան հայերու ամենակարեւոր փրկիչները: Շատ յաճախ կազմակերպեցին փախուստի ճամբաներ դէպի Ռուսիա, որուն պատճառով ազգասպանութեան ենթարկուեցան 30-ականներուն Քեմալի կողմէ» (2): Հակառակ օսմանեան պետութեան յաճախակի ճնշումներուն եւ սպառնալիքներուն, որպէսզի յանձնեն հայերը, Տէրսիմի քիւրտերը շարունակեցին ապաստան տալ անոնց: Դժբախտաբար ասոր պատասխանը չուշացաւ եւ միայն երկու տասնամեակներ ետք քեմալական կառավարութիւնը քրտական «ապստամբութեան» պատրուակին տակ այս անգամ վայրագօրէն ճնշեց եւ սպաննեց մօտաւորապէս 70.000 քիւրտեր, ինչպէս նաեւ՝ ապաստանած հայերէն մաս մը: Կառավարութիւնը իր այս արարքը արդարացուց՝ զայն նկատելով իբրեւ պատժական գործողութիւն այն զազաներուն դէմ, որոնք «դաւադրաբար» ապաստան տուին Օսմանեան պետութեան թշնամիներուն՝ հայերուն: Միւս կողմէ սոյն ջարդը կանխամտածուած քաղաքականութիւն մըն էր, որ կը միտէր նախ զինաթափ ընել այս քրտական շրջանը, տարածելով կառավարութեան հսկողութեան կարողութիւնները, իսկ երկրորդ՝ պարպել Տէրսիմը արմատախիլ ընելով հայ ճողոպրածներու վերջին մնացորդները, այսպիսով շարունակելով նախնիներու թողած առաքելութիւնն ու գործը: Ջարդերէն ետք այն հայերը, որոնք արդէն կրօնափոխ ըլլալով՝ դարձած էին ալեւիներ, եւ որոնք կրցած էին ողջ մնալ, աքսորուեցան դէպի Պոլիս կամ ուրիշ շրջաններ՝ Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին: Քիւրտերու այս արիւնալի սպանութիւնները պատահեցան Լեշ Տէրէ (դիակներու հովիտ) կոչուած ձորի մը մէջ, որուն անունը արդէն կ՛ապացուցէ կատարուած վայրագութիւնները: Շատեր այս վայրը կը համարեն երկրորդ Տէր Զօր մը, այնքան ատեն որ ողբի եւ վիշտի վայր մըն է հայ ժողովուրդին համար եւ շարունակութիւն մը՝ 1915-էն սկսած ցեղասպան քաղաքականութեան:
Որո՞նք են ուրեմն այս ապստամբ ոգիի առանձնայատկութիւնները, որոնցմով կը յատկանշուի Տէրսիմի շրջանը: Այն օրերէն, երբ քրտական ազգայնականութիւնը կը ծաղկէր, Տէրսիմը կը համարուէր քիւրտ մարտիկներու յեղափոխական կեդրոնը: Թրքական զօրանոցներու ամէնուրեք ներկայութիւնը Տէրսիմի ամբողջ տարածքի շուրջը, ցոյց կու տայ այս շրջանին կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ այն վտանգը, որ կը ներկայացնէ թրքական կառավարութեան աչքին: Անդրանիկ Երիցեանը կ՛անդրադառնա՛յ այս կէտին իր «Տէրսիմ»: Սէյադհանէմէ» (Տէրսիմ: Ճանապարհորդութիւն) գիրքին մէջ, զոր ան գրած է 1900-ին, Թիֆլիսի մէջ: Ան կը գրէ հետեւեալը. «Ամէն տարի արիւնալի եւ բուռն բախումներ տեղի կ՛ունենան թրքական կառավարութեան եւ Տէրսիմի քիւրտերու միջեւ: Սակայն քիւտերը միշտ պահելով իրենց ուղղուածութիւնը՝ կը մնան անյաղթ»: Ճակատագրի հեգնանքով, շատեր կը հաւատան թէ Տէրսիմի ներկայի բնակչութեան մեծ մասը, թաքուն հայեր են, որոնք ընդունած են զազա կամ այլ ինքնութիւն մը եւ ալեւի հաւատքը տարբեր ժամանակներու եւ կացութիւններու բերմամբ: Այս բացայայտումը կարելի եղաւ շնորհիւ մէկ անձի մը ճիգերուն որ հարթեց ճանապարհը ակունքներու վերադարձի եւ ինքնաճանաչման: Այս անձը կը կոչուի Միհրան Փրկիչ: Ան տեղեակ էր իր հայկական պատկանելիութենէն, երբ արդէն 7 տարեկան էր, սակայն հասկնալի պատճառներով չէր կրցած իրականացնել իր փափաքը՝ որն էր վերադարձ դէպի հայկական ինքնութիւն եւ ակունքներ, մինչեւ վերջերս երբ արդէն 50 տարեկան է: Այն, ինչ որ մղեց զայն, որպէսզի գտնէ իր հայկական պատկանելիութիւնը ինչպէս ըսինք սկիզբը, Հրանդ Տինքի սպանութիւնն էր որ ծանրօրէն ազդած էր Միհրանի վրայ: Իր ընկերոջ սպանութենէն ետք Միհրան, որ այդ ժամանակ կը կոչուէր Սալա-հէտտին իւլդագին, սկսաւ կազմաւորել այն ինչ որ ներկայիս կը կոչուի «Տէրսիմի հայերու միութիւն», ճանչցուած նաեւ՝ «Տէրսիյատ» անունով: Միութիւնը արդէն երկու տարի է ի վեր կը գործէ: Աւելի՛ն. վերջնականացնելու համար ամբողջական «մշակութայնացում»-ը, ան 2010-ին դարձաւ քրիստոնեայ՝ մկրտութեան արարողութեամբ մը եւ նաեւ դիմում ներկայացուց Հայաստանի կրօնական իշխանութիւններուն, որոնք ընդունեցին զինք. նաեւ նոր անունով մը Սալահէտտինը դարձաւ Միհրան: Հետեւաբար այս տեսակի միութեան մը ստեղծումը կը նկատուի ապստամբական արարք մը, որ ինքզինք կը դրսեւորէ տասնեակ ձեռնարկներով (նոյնիսկ Թուրքիայէն դուրս, ինչպէս՝ Գերմանիա) եւ յօդուածներով, որոնք լոյս կը տեսնեն միութեան պաշտօնաթերթին՝ «Տէրսիյատ»-ին մէջ: Ապստամբ՝ այն իմաստով, որ սոյն յօդուածները կը դատապարտեն թրքական կառավարութեան իւրաշրջական (ասիմիլացիա) քաղակականութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ մշակութային, ազգային եւ կրօնական ազատութեանց չգոյութիւնը: Հետեւաբար այսպիսով Թուրքիոյ թաքուն հայերու ամբողջ խնդիրը Արեւելեան շրջաններու մէջ աւելի ու աւելի քաղաքականացաւ շնորհիւ այս տեսակ նախաձեռնութիւններու, որոնք թաքուն հայերու խնդիրը տեղադրեցին Թուրքիոյ քաղաքական բեմին վրայ՝ շարունակելով Հրանդ Տինքի կիսատ թողած գործն ու առաքելութիւնը: Այս տեսակ միութեան մը ստեղծումը եւ բացայայտ վերադարձը հայկական ակունքներու, այս մարդոց կողմէ կը համարուի յառաջացում մը, թէկուզ՝ մէկ քայլ, իրենց պայքարի եւ աւելի հանդուրժողական քաղաքականութեան մը կիրարկումի պահանջի ծիրէն ներս: Նմանօրինակ արարքներ կը միտին մերժել պետութեան ներկայ քաղաքականութիւնը՝ ձգտելով իրականացնել ընկերային նոր վիճակ մը, ուր պիտի յարգուին մարդու ամենատարրական իրաւունքները, ինչպէս նաեւ՝ խօսքի, մշակոյթի եւ կրօնի ազատութիւնը: Ըստ Միհրանի, որ նախագահն է Տէրսիմի հայերու միութեան, արդէն գոյութիւն ունին 34 ընտանիքներ Տէրսիմի մէջ, որոնք բացայայտօրէն կ՛ընդունի՛ն իրենց հայկական ինքնութիւնը: Իսկ միւս կողմէ՝ Միհրան կը հաստատէ, որ Տէրսիմի բնակչութեան 75 առ հարիւրը հայկական արմատ ունեցող ընտանիքի անդամներէ սերած է: Այս իրողութեան մասին կը գրէ նաեւ Տիրան Լոքմաքիոզեան, որ իր յօդուածին մէջ կ՛ըսէ, թէ բաւականին դժուար է գտնել տէրսիմցի մը, որ զաւակը չըլլայ վերադարձած հայու մը: Հոս ան կ՛ակնարկէ այն տէրսիմցի հայերուն, որոնք 1947 թուին ներում ստացան թրքական կառավարութենէն եւ արտօնութիւն ստացան վերադառնալու Տէրսիմ:
Այլ կարեւոր դիմագիծ մը, որ յատուկ է Տէրսիմի, կարելի է տեսնել այս թաքուն հայերու խօսակցական արտայայտութիւններու գործածութեան մէջ: Ուշադիր հետազօտութիւն մը անոնց լեզուի արտայայտութիւններուն, ինչպէս «Ալեւի իսլամ»-ը, կ՛ապացուցէ՛, որ անոնցմէ շատերը իսկապէս գիտակից են իրենց նախնիներու ակունքներուն, սակայն կը մերժեն բացայայտօրէն ընդունիլ զայն, մասնաւորաբար՝ օտարներու ներկայութեան: Հակառակ անոր որ մերժումի այս հիմնական պատճառները էական են այս թաքուն հայերու խնդիրը ճիշդ հասկնալու համար, սակայն անիկա դուրս կ՛իյնայ մեր այս յօդուածի հետազօտութեան շրջանակէն: Ըստ Երեւանի պետական համալսարանի թրքագիտութեան փրոֆէսէօր Անդրանիկ Իսպիրեանի, ալեւին չօգտագործեր «ալեւի իսլամ» արտայայտութիւնը: Հակառակ անոր որ ալեւի հաւատքը սկզբնական եւ կազմաւորման շրջանին ճիւղաւորուեցաւ իսլամութենէն, սակայն դարերու ընթացքին եւ տարբեր ազդեցութիւններու տակ շեղեցաւ ուղղափառ իսլամութենէն եւ ստացաւ ինքնուրոյն ուղղուածութիւն: Այս հարցին գծով գնդապետ Մոլինէօ Սիլը 1914 թուին կը գրէ, թէ՝ «Տէրսիմցիները թուրքերու կողմէ ճանչցուեցան որպէս գըզըլպաշներ, այսինքն՝ կարմիր գլուխներ. այս բնորոշումը կը գործածուի նաեւ պարսիկներու եւ այն մահմետականներուն համար, որոնք ուղղափառ իսլամութեան չեն հետեւիր: Սակայն եթէ տէրսիմցիի մը հարց տաս, թէ ի՞նչ կրօնի է, ան կը պատասխանէ, թէ ինք եոլ ուշաղի է, արտայայտութիւն մը, որ շատ հաւանաբար կը թարգմանուի՝ ճշմարիտ ուղղիի զաւակ: Այս աղանդը, հակառակ իր գըզըլպաշ ըլլալուն, կը մերժէ իսլամ կոչումը»: «Ալեւի Իսլամ» ներկայացումը շատ հաւանաբար ըլլայ պաշտպանական միջոց մը, նկատի ունենալով, որ ալեւիները տակաւին հալածուած են Թուրքիոյ մէջ: Առաւել, հաւանականութիւնը մեծ է, որ այս արտայայտութիւնը՝ կրնայ բովանդակել պահուած իմաստ կամ պատգամ մը. Շատ հաւանական է, որ խօսակիցը կանխամտածուած ձեւով օգտագործէ այս արտայայտութիւնը ցոյց տալու համար իր հայկական ինքնութիւնը, տրուած ըլլալով, որ չի կրնար բացայայտ կերպով ըսել այդ մէկը: Լոքամքիոզեան իր յօդուածով կը մէջբերէ դրուագ մը, որ ցոյց կու տայ, թէ լեզուն եւ խօսակցութիւնը ինչպէ՛ս կը բացայայտեն թաքնուած ինքնութիւնները: Յօդուածագիրը կը պատմէ, թէ ինչպէս Եշիլեազ (Տէրսիմի մէջ) ուղղուած պահուն, վայր մը, որ ճանչցուած է տեղացիներուն հայկական ակունքներու բացայայտ ճանաչման համար, անոնք հանդիպած են ծեր մամիկի մը, որ հանրակառքը կանգնեցնելով՝ փորձած էր ներս մտնել. Միհրան Փրկիչը, որ անոնց կ՛ընկերակցէր, կը փորձէ մամիկին բացատրել կամ համոզել, թէ իրենց հանրակառքը անձնական էր եւ տրամադրուած չէր գիւղի բնակիչներուն համար: Սակայն քանի մը վայրկեան զրուցելէ ետք ի յայտ կու գայ, թէ նոյն այդ մամիկը կ՛ուղղուէր ճիշդ այդ նոյն վայրը, ուր իրենք կ՛ուղղուէին եւ զաւակն է հայ ընտանիքի մը: Հակառակ այս բոլորին, սակայն, Լոքամքիոզեան կը պատմէ, թէ որքան որ փորձեցին մամիկին բացայայտօրէն ընդունիլ տալ կամ խոստովանեցնել, թէ՝ «Հայ եմ», մամիկը կտրականապէս կը մերժէր՝ ըսելով, թէ «Ալեւի իսլամ եմ»: Հետաքրքրականօրէն, հակառակ մամիկին ժամական պնդումներուն, անոր 4 որդիները վախ չունէին բացայայտօրէն ընդունելու, թէ «Մենք [զաւակներ + մամիկ] բոլորս հայեր ենք»: «Ալեւի իսլամ» արտայայտութիւնը ուրեմն ցոյց կու տայ, որ այդ ծեր կինը ինքզինք ո՛չ իսլամ կը համարէ, ո՛չ ալ ալեւի, այլ միայն զգուշութեան եւ ապահովութեան համար էր, որ այդ արտայայտութիւնը գործածած էր: Հետեւաբար արմատաւորուած այդ վախը շուքի մէջ կը պահէ հայկական ինքնութեան բացայայտ ճանաչման ձգտումները: Սակայն այս մէկը խոչընդոտ մը չի հանդիսանար մամիկին եւ այցելուներուն հարազատ մերձեցման. Լոքմաքիոզեան կը գրէ, թէ կարծես շրջապատուած ըլլային մեր քոյրերով եւ եղբայրներով:
Ըստ Իսպիրեանի, հակառակ անոր որ ոչ հայ ալեւիներէն ոմանք նաեւ կ՛օգտագործեն «ալեւի իսլամ» արտայայտութիւնը՝ որպէս պաշտպանական միջոց, սակայն խնդիրը տարբեր է, երբ կը վերաբերի թաքուն հայերուն: Ծեր մամիկին խօսակցութեան մէջ պահուած պատգամը կը բացայայտուի այն պահուն, երբ կը ծանօթանանք ընտանիքի միւս անդամներուն, յատկապէս՝ երկրորդ սերունդէն, որոնք «ես հայ եմ» ըսելով՝, կը վերծանեն իրենց մօր խօսակցութեան գաղտնիքը: Յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ արտայայտութիւններու եւ ազգային-քաղաքական ոգիի եւ ինքնութեան միջեւ յարաբերութեանց մասին՝ կրնայ մեզ տեղեկացնել, թէ ինչպէ՛ս այս թաքուն հայերը կ՛ընդդիմանան Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իսլամական ձգտումներուն եւ քաղաքականութեանց, հիմնական երկրորդ սերունդի բերնով: Այս մերժումը չի նշանակեր պարզապէս, թէ այս մարդիկը իրենք զիրենք քրիստոնեայ կը նկատեն. այս բոլորը մերժում մըն է «իսլամացման» եւ, հետեւաբար «թրքացման» քաղաքականութեան մը, որ ընթացքի մէջ է 1915-էն ի վեր։
Նմանօրինակ գիտակցութիւն մը նաեւ ակներեւ է Տէրտիմի Անահիտի երկու աղբիւրներուն մօտ, որոնք ճանչցուած են իբրեւ յոյսի եւ հաշտութեան աղբիւրներ եւ դարձած՝ սրբատեղի մը տէրսիմցիներուն համար: Աղբիւրներուն առասպելը հետեւեալն է. կը պատմեն, թէ Անահիտ չաստուածուհին սնուցանած է զազա եւ հայ ազգերը՝ այդպիսով փոխադարձ սէր, յարգանք եւ ընկերութիւն մը ստեղծելով երկուքին միջեւ: Իւրաքանչիւր աղբիւր կը խորհրդանշէ Անահիտին ստինքը: Մեզ հետաքրքրողը, սակայն, առասպելը չէ, այլ՝ պաշտամունքներն ու ծիսական արարողութիւնները, որոնք տեղի կ՛ունենան աղբիւրին մօտ: Իսլամական կամ ալեւիական մշակոյթին կամ կրօնքին մէջ մոմավառութիւնը իբրեւ կրօնական արարք՝ գոյութիւն չունի: Սակայն Տէրսիմի մէջ եւ յատկապէս այս երկու աղբիւրներուն մօտ, որ սկզբունքով ալեւի շրջան մըն է, կը տեսնենք, թէ ինչպէս իւրաքանչիւր անձ, որ կը մօտենայ աղբիւրին, մոմ մը վառելով՝ կը սկսի աղօթել: Տէրսիմ այցելութեանս ժամանակ, անգամ մը, որ տեղացիները իմացան, թէ մեր խմբակը բաղկացած էր հայերէ, անոնցմէ մէկը սկսաւ հայկական երաժշտութիւն նուագել ռատիոյով, կը հաւատամ, թէ այս արարքը արտայայտութիւն մըն էր ընկերութեան եւ, հարազատութեան եւ, ինչո՞ւ չէ, կը միտէր ապացուցել, որ իրենք ալ հայեր են: Փոխադարձ արենակցութիւն մը ստեղծուած ըլլար կարծես: Եթէ չըլլար հայկականութեան այն ոգին, որ միութեան ստեղծումով ինքզինք դրսեւորէր, այս արարքը շատ հաւանաբար տեղի չունենար: Այս բոլորը ապացոյց են, թէ ինչպէս տարբեր արարքներ եւ նոյնիսկ կրօնական արարողութիւններ նշաններ են պահուած ինքնութիւններու, որոնք հիմնական դեր կը խաղան առաջնորդելու մարդոց մտածումները, զգացումները եւ վարմունքը:
Հայկականութեան գերակշիռ ոգիի մը գաղափարը էական է այն իմաստով, որ տարբեր շրջաններու մէջ, ինչպէս՝ Վան կամ այլ պահպանողական վայրեր, այսպիսի երեւոյթներ հազուադէպ են, չըսելու համար՝ անկարելի: Այդ տեսակ շրջաններու մէջ թաքուն հայերը կը փորձեն պահել իրենք զիրենք, անմիջապէս որ իմանան «այցելու» հայերու ներկայութեան մասին: Ի տարբերութիւն Տէրսիմի մէջ պարզուող կացութեան, հոգեբանութեան եւ մտածելակերպին միւս շրջաններուն մէջ այս ոգին բացակայ է:
Հաշուի առնելով Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իսլամական քաղաքական ձգտումները, հակապետական զգացումները, ակներեւ են նաեւ տէրսիմցի կիներու հագուածքին մէջ: Ի տարբերութիւն Թուրքիոյ միւս շրջաններու իսլամ կիներուն՝ Տէրսիմի կիներուն մեծամասնութիւնը արդէն քողարկուած չէ: Լաչակի կամ քողի մը չգոյութիւնը կիներու մօտ կ՛ակնարկէ Տէրսիմի ապստամբ եւ յեղափոխական ոգիին: Ասիկա մերժումի ձեւ մըն է պարտադրուած իսլամութեան:
Ամէն տարի, օգոստոս ամսուն Տէրսիմի շրջանը կը կազմակերպէ եռօրեայ փառատօն մը, որուն ընթացքին տարբեր մշակութային, ազգագրական եւ արուեստի խմբակներ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն: Հետաքրքրական է նաեւ այն երեւոյթը որ փառատօնի ամբողջ տեւողութեան կը տեսնենք Չէ Կեւարայի, Մաոյի, Շէյխ Սայիտի եւ այլ քիւրտ նահատակներու նկարները, որոնք հիմնական տեղ կը գրաւեն քաղաքի կեդրոնական հրապարակին վրայ: Համայնավար կամ ընկերվար այս տարբեր ղեկավարներու հանդէպ այս կոչը դուրսէն դիտողին համար կարծէք կ՛ապացուցէ շրջանին մէջ տիրող կամ գերակշռող ոգիին կամ կացութեան մասին: Լեզուն այստեղ նորէն էական դեր կը խաղայ. հայերէնի ինչպէս նաեւ քրտերէնի գործածութիւնը այս փառատօնին ընթացքին ցոյց կու տան թէ որքանով Տերսիմի շրջանը կիսանկախ վիճակ մը կը վայելէ, հաշուի առնելով այն իրողութիւնը, թէ քրտերէնը ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին բացարձակապէս արգիլուած է: Տէրսիմի հայերու միութիւնը իր յատուկ տաղաւարը ունի այս փառատօնին ընթացքին, ուր երիտասարդ հայորդիներ թերթեր եւ գիրքեր կը վաճառեն տարբեր յեղափոխական դէմքերու մասին, ինչպէս՝ զօրավար Անդրանիկ կամ ուրիշներ:
Տէրսիմցիներու այս ապստամբութիւնը աւելի խորհրդանշական է, քան՝ ուղղակի պայքարը: Այն, ինչ որ վերոյիշեալ բոլոր պատմութիւններն ու օրինակները կը բաժնեն, այն է, թէ բոլորը ապստամբ հոգիի եւ մտածողութեան նշաններ կամ խորհրդանիշներ են: Այս տարբեր եւ յաճախ ցանուցիր նշաններու վերլուծման եւ մեկնաբանման ընդմէջէն է, որ պիտի հասկնանք տարածաշրջանային այս յատուկ կացութիւնը, հոգին ու ապստամբութեան ատաղձը: Այս բոլոր նշանները մաս կը կազմեն միեւնոյն հանելուկին, որ հասկնալի կը դառնայ միայն եթէ քով-քովի դնենք այս բոլոր նշանները եւ առանց անշուշտ մոռնալու Ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Տէրսիմի այս հայերուն պէտք է նայինք ընկերային, քաղաքական եւ արդի պատմութեան տարբեր դիտանկիւններէ՝ լաւ հասկնալու համար անոնց յատուկ դիմագիծը, որ կը յատկանշէ իրենց մտածելակերպը եւ շարժումները:
Այս խորհրդանշանները շարունակութիւն մըն են այն արձագանգող ազատութեան կանչերուն, որոնցմով Տէրսիմը նշանաւոր էր ու տակաւին կը շարունակէ նշանաւոր մնալ պատմութեան էջերուն մէջ: Հակառակ անոր որ Տէրսիմի այս թաքուն հայերուն պայքարը հիմնականին մէջ լուռ եւ համեստ պայքար մըն է, սակայն մեծ նշանակութիւն ունի 21-րդ դարու Թուրքիոյ փոխուող ընկերային եւ մշակութային միջավայրերուն համար: Նոյնիսկ եթէ այս փոփոխութիւնները արդիւնքն են այս վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին Թուրքիոյ որդեգրած աւելի մեղմ եւ հանդուրժողական քաղաքականութեան, որուն կիզակէտն է Եւրոմիութեան անդամակցութիւնը, սակայն կարելի չէ արհամարհել այս թաքուն հայերուն համարձակութիւնն ու, ինչու չէ՛ քաջութիւնը: Ազգային ակունքներու վերադարձը եւ բացայայտումը Թուրքիոյ այս շրջաններուն մէջ ընթացող «լուռ յեղափոխութեան» մը մէկ երեւոյթներէն է, որ կը ձգտի ընկերային բարենորոգումներու պահանջի ոգիին վերարթնացման եւ վերակենդանացման: Այս բոլորին կը ձգտի ոչ թէ զինեալ պայքարով (գոնէ հայերուն պարագային), այլ՝ լուռ եւ շարունակական մերժումով մը այն ինչին, որ կանխամտածուած ձեւով կը հրամցուի անոնց, եւ որն է՝ թրքական իւրաշրջում կամ ասիմիլացիա: