2014-ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք. Փղոսկրեայ Ափունք Եւ Քամերուն Ապահովեցին Պրազիլի Իրենց Տոմսերը
Հարաւային Ափրիկէի սահմանագօտիին մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, հակառակ անոր որ Փղոսկրեայ ափունք 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Սենեկալի հետ, սակայն ապահովեց Պրազիլի իր տոմսը՝ նկատի ունենալով, որ փղոսկրեայ ափունքցիք 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էին։
Փղոսկրեայ ափունքին հետեւեցաւ Քամերուն, որ իր դաշտին վրայ 4-1 արդիւնքով յաղթեց Թունուզի։ Երթի մրցումը աւարտած էր 0-0 արդիւնքով։
CATEGORIES Մարզական

