«Անգլիա Կրնայ Տիրանալ 2014-ի Մոնտիալի Տիտղոսին» Կ՛ըսէ Ռիօ Ֆերտինանտ

rioՄանչեսթըր Եունայթըտի յետսապահ Ռիօ Ֆերտինանտ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ իր երկիրը՝ Անգլիա, կրնայ տիրանալ 2014-ի Մոնտիալի տիտղոսին։

Sportmole.ro.uk կը հրապարակէ Ֆերտինանտի հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Մեր բոլոր տղաքն ալ Պրազիլ պիտի մեկնին մրցաշարքին տիրանալու տրամադրութեամբ։ 2004-ին ոչ ոք կը հաւատար Յունաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի հաւաքականին յաղթանակին, բայց անոնք Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացան։ Ատիկա իրագործելի նպատակ է, բայց մեզի յաջողութիւն անհրաժեշտ է»։

 

Share this Article
CATEGORIES