«Էն. Պի. Էյ.». Պլէյզըրզ Յաղթեց Ռեփթըրզի՝ Երկարաձգումէն Ետք
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ տեղի ունեցած երէկուան երեք ճակատումներուն, Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ յաջողեցաւ յաղթել Թորոնթօ Ռեփթըրզի՝ երկարաձգման ընթացքին, 118-110 արդիւնքով։
Յաղթանակ արձանագրեցին նաեւ Մեմֆիս Կրիզլիզ եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, յաջորդաբար պարտութեան մատնելով Սաքրամենթօ Քինկզը (97-86) եւ Տիթրոյիթ Փիսթընզը (114-99)։
Ինչ կը վերաբերի նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն, յաջորդական 9 յաղթանակ արձանագրելէ ետք, Ինտիանա Փէյսըրզ կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը՝ Շիքակօ Պուլզէն՝ 110-94 արդիւնքով։
Նշենք, որ 9 յաղթանակ եւ 1 պարտութիւն կրած է նաեւ Սան Անթոնիօ Սփըրզ, մինչ Եութա Ճեզ արձանագրած է յաղթանակ մը եւ կրած 10 պարտութիւն։
Ստորեւ՝ այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Պրուքլին Նեթց – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ
Շիքակօ Պուլզ – Շարլոթ Հոռնեթց
Օքլահոմա Սիթի – Տենվըր Նակեթց
Տալաս Մավըրիքս – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Եութա Ճեզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ՚
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ