Տել Պոսքէ Սպանիոյ Մարզիչ՝ Մինչեւ 2016
Պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով՝ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Վիչենթէ Տել Պոսքէ ըսաւ, որ մինչեւ 2016 համաձայն գտնուեցաւ մնալու իր պաշտօնին վրայ՝ համաձայնութիւն մը կնքելէ ետք Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ։
Նշենք, որ 62 տարեկան մարզիչը, նախքան իր պայմանագրութեան ժամկէտը երկարաձգելը, մինչեւ 2014-ի Մոնտիալին աւարտը համաձայնութիւն մը կնքած էր ֆետերասիոնին հետ։
CATEGORIES Մարզական