2014-ի Փլէյ-Օֆի Մրցումներ. Այսօր Կը Յստականան Պրազիլի Իրենց Տոմսերը Ապահովող 4 Խումբերուն Անունները

Եւրոպայի սահմանագօտիին մէջ այսօր՝ երեքշաբթի, 19 նոյեմբերին, տեղի պիտի ունենան ճակատագրական չորս մրցումներ, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ չորս խումբեր պիտի ապահովեն 2014-ի Մոնտիալի իրենց տոմսերը. աւարտական հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան Պրազիլի մէջ։

Նախորդ ուրբաթ, 15 նոյեմբերին, իրենց դաշտերուն վրայ յաղթանակ արձանագրած երեք խումբերը այդքան ալ խանդավառ պէտք չէ ըլլան՝ նկատի ունենալով, որ ճիշդ նոյնը այսօր կրնայ պատահիլ զիրենք հիւրընկալող խումբերուն, այդ ալ՝ կոլերու աւելի մեծ տարբերութեամբ։

Նոյնիսկ 3-1 եւ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ արձանագրած խումբերը վստահ չեն, թէ ապահովա՞ծ են արդեօք իրենց տոմսերը…

Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը՝ Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ նշուած են երթի մրցումներուն արդիւնքները).

————————————- ԺԱՄ

Ռումանիա – Յունաստան (1-3)                             21։00
Խրուաթիա – Իսլանտա (0-0)                  21։15
Շուէտ – Փորթուգալ (0-1)                                          21։45
Ֆրանսա – Ուքրանիա (0-2)                     22։00

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )