Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով. Վազքի Մրցում՝ Ռաշայայի Մէջ

LevonԿազմակերպութեամբ Ռաշայայի քաղաքապետութեան, կիրակի, 17 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ վազքի մրցում մը՝ Լիբանանի անկախութեան 70-րդ տարեդարձին առիթով։

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հովանաւորութիւնը վայելող վազքի այս մրցումը սկսաւ առաւօտեան ժամը 9։30-ին, Ռաշայայի անկախութեան բերդին դիմացէն՝ ներկայութեամբ հոծ բազմութեան։

3,5 եւ 10 քմ վազքի այս մրցումին մասնակցեցան աւելի քան 1100 երկսեռ վազողներ, որոնց կարգին՝ Լեւոն Թաշճեան, որ կը ներկայացնէր ՀՄԸՄ Այնճարը։

Թաշճեան, որ մասնակցեցաւ 10 քմ վազքի մրցումին, արձանագրելով 48 վայրկեան արդիւնք մը իր դասակարգին մէջ հանդիսացաւ երկրորդ։

Նշենք, որ Թաշճեան 10 նոյեմբերին տեղի ունեցած Պէյրութի միջազգային մարաթոնին իր դասակարգին մէջ հանդիսացած էր հինգերորդ։

Share this Article
CATEGORIES