Եւրոպայի 2015-ի Ախոյեանութիւն. Պիելոռուսիա – Հայաստան Մրցումին Իրաւարարները՝ Ալպանիայէն

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Եւրոպայի 2015-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ տեղի ունենալիք Պիելոռուսիա – Հայաստան մրցումին (21 տարեկանէն վար) իրաւարարները պիտի ըլլան Ալպանիայէն։

Օրուան գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ Պարտիոլ Փաշայ, իսկ կողմի իրաւարարները՝ Էրմալ Փարուշի եւ Ռուպին Փրեցա։ Իսկ չորրորդ իրաւարարն է Ռուսմիր Մրքովիչ։

Լուրը հաղորդող ArmSport.am լրատուական կայքէջը կ­­՛եզրափակէ, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ այս մրցումին հսկիչ նշանակուած է Փիոթր Իվանով (Ուքրանիա)։

Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր, կ­­՛իյնայ 10-րդ խմբակի 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ։

Նշենք, որ այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 20։00-ին՝ Երեւանի ժամանակացոյցով։

Share this Article
CATEGORIES