Ճատրակ. Ճիօ Գալուստ Եւ Նանօր Արնելեան Հանդիսացան Առաջին

soviet-jadragԿազմակերպութեամբ Նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներու ճատրակի ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, կիրակի, 17 նոյեմբերին, վերոնշեալ ակումբին մէջ (ԵՈՒՆԵՍՔՕ) տեղի ունեցաւ ճատրակի միօրեայ տարիքային մրցաշարք մը՝ մասնակցութեամբ շուրջ 40 երկսեռ ճատրակ խաղացողներու։

12 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ առաջին հանդիսացաւ Ճիօ Գալուստ։

Իսկ աղջկանց մէջ առաջին հանդիսացաւ Նանօր Արնելեան։

Նշենք, որ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտներ Ճիօ Գալուստի եւ Նանօր Արնելեանի ուսուցիչն է Էլի Հուլիշեան։

Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը՝ ներկայութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի անդամ եւ կազմակերպիչ ակումբի նախագահ Հիւսէյն Համմուտի։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )