Ճատրակ. Մկրտչեան Տիրացաւ Արծաթէ Մետալին, Իսկ Արոնեան՝ Պրոնզին

Aronian-EurTeam3

Mkrtchian-EurTeam2

 

 

 

 

 

Երէկ իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը (Armchess.am) հաղորդեց, որ նախորդ շաբաթավերջին Վարշաւայի մէջ (Լեհաստան) աւարտած Եւրոպայի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան, թէեւ Հայաստանի ճատրակի զոյգ հաւաքականները առաջին երեք դիրքերուն մէջ չտեսնուեցան, սակայն հայրենի երկու ճատրակ խաղացողներ ստացան մետալներ։

Լիլիթ Մկրտչեան ստացաւ արծաթէ մետալ մը՝ նկատի ունենալով, որ ան 2-րդ խաղատախտակին վրայ արձանագրեց երկրորդ լաւագոյն արդիւնքը։

Իսկ Լեւոն Արոնեան ստացաւ պրոնզէ մետալ մը՝ առաջին խաղատախտակին վրայ իր արձանագրած արդիւնքներուն համար։

Share this Article
CATEGORIES