«Ազդակ-Բացառիկ» 2014
«Ազդակ» կը շարունակէ իր աւանդութիւնը եւ կը նախապատրաստուի դեկտեմբերի վերջը հրատարակել իր ամանորեան բացառիկը։ «Ազդակ»-ի աշխատակիցները տեղեակ պահուած են արդէն որոշումէն, եւ անոնց գրաւոր դիմուած է իրենց աշխատակցութեամբ սատարելու բացառիկի հրատարակութեան։
Հայկական տարին ամփոփող նիւթեր պիտի ըլլան անշուշտ բացառիկի բովանդակային բաժինը։ Եւ անգամ մը եւս ինչպէս Լիբանանէն, նոյնպէս ալ հայրենիքէն եւ սփիւռքէն մամլոյ աշխատակիցներ եւ հրապարակագիրներ իրենց մասնակցութիւնը կ՛ունենան անպայման բացառիկի բովանդակութեան կազմութեան աշխատանքին։
Ուրախ ենք յայտնելու, որ վերջին շրջանին «Ազդակ-բացառիկ»-ներու (թէ՛ Ամանորի եւ թէ՛ Ապրիլ 24-ի) հրատարակութեան հովանաւորութիւնը ստանձնած են «Ազդակ»-ի առաքելութեան հաւատացող եւ մեր թերթին գործունէութիւնը բարձր գնահատող տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան (Զուիցերիա), որոնց շնորհակալութիւն կը յայտնէ «Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնը։

