«Հայապահպանութեան Գործին Մէջ Նշանակալի Աւանդի Համար» Սփիւռքի Լրատուամիջոցներու Մրցում. Յայտարարութիւն

F3OPՀայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը եւ Համաշխարհային հայկական քոնկրեսը կը յայտարարեն «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» սփիւռքի լրատուամիջոցներու մրցում: Մրցումին կրնան մասնակցիլ վերջին երեք տարուան ընթացքին (2011-2013 թուականներուն) եւ մինչեւ այսօր սփիւռքի մէջ գործող լրատուամիջոցները, որոնք իրենց ուշադրութեան կեդրոնին կը պահեն հայապահպանութեան, Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան, սփիւռքի մէջ հայկական մշակոյթի եւ կրթութեան, ինչպէս նաեւ ազգային այլ հարցեր՝ հրապարակելով նշեալ նիւթերով յօդուածներ, հարցազրոյցներ, ակնարկներ կամ սփռելով հաղորդումներ, հաղորդաշարեր եւ այլ նիւթեր: Մրցումին կը ներկայացուին 2013 թուականին հրապարակուած նիւթերը:

Մրցումը կ’իրականացուի հետեւեալ անուանակարգերուն համար՝

– Տպագիր լրատուամիջոց (թերթ, հանդէս)
– Հեռուստաալիք/հեռուստաժամ
– Ռատիոալիք/ռատիոժամ
– Համացանցային լրատուամիջոց
– Պլոկ

Իւրաքանչիւր անուանակարգին մէջ սահմանուած են գլխաւոր եւ խրախուսական մրցանակներ:

Անոնք, որոնք կ’ուզեն մասնակցիլ մրցումին, մինչեւ 15 փետրուար 2014-ը մրցութային յանձնախումբին պէտք է ուղարկեն.

–  Մասնակցութեան յայտ,
– 2013 թուականի գործունէութեան ամփոփագիր:

Իւրաքանչիւր լրատուամիջոց մրցումին կրնայ մասնակցիլ միայն մէկ անուանակարգի համար:

Նախորդ մրցումին գլխաւոր մրցանակակիրները հրաւիրուած են մասնակցելու մրցութային յանձնախումբի աշխատանքներուն եւ մրցումին պիտի չմասնակցին:

Տեղեկութիւններու համար կրնաք դիմել հետեւեալ հասցէներով.

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւն

ՀՀ 0010, Երեւան, Վ. Սարգսեան 26/1

Էլ. փոստ՝ [email protected]m, [email protected]

Հեռախօս՝ +(374 10) 58 56 01 /109/

 

Share this Article
CATEGORIES