Արցախի Քաղաքաշինութեան Նախարարը Այցելեց «Ազդակ»

DSC08740Երէկ կէսօրին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցեցաւ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան՝ ընկերակցութեամբ ԱՌԻ կազմակերպութեան տնօրէն խորհուրդի անդամ Բենիամին Պչաքճեանի։

Նախարարը ընդհանուր կերպով զեկուցեց Արցախի հետ կապուած իր մարզի ծրագիրներուն մասին, որմէ ետք այցելեց թերթի տարբեր բաժանմունքները, ծանօթացաւ խմբագրութեան աշխատանքներուն եւ խմբագրակազմին։

 

Share this Article
CATEGORIES