Արամ Ա. Կաթողիկոս Պատուեց Ասորիներու Զաքքա Պատրիարքը
Շաբաթ, 16 նոյեմբեր 2013-ի երեկոյեան, Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանի «Յովհաննէս Պօղոս Բ.» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ համերգ մը՝ նուիրուած ասորի եկեղեցւոյ պետ Զաքքա Ա. Իուազ պատրիարքի քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեայ ոսկեայ յոբելեանին։ Համերգը ներկայացուց պատրիարքարանի Սուրբ Եփրեմ Ասորի երգչախումբը։
Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր պատուիրակութեամբ պատուեց Զաքքա պատրիարքը՝ անձամբ մասնակցելով սոյն համերգին։ Վեհափառ հօր պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան։ Վեհափառ հայրապետը իր ջերմ շնորհաւորութիւնը ներկայացուց պատրիարքին։
Յայտնենք, որ հայ եւ ասորի եկեղեցիներուն միջեւ հին դարերէն ի վեր սերտ կապեր եղած են։ Քոյր եկեղեցիներ են եւ մաս կը կազմեն Արեւելեան ոչ քաղկեդոնիկ ընտանիքին։

