Սուրիական Բանակի Հայ Զինուոր Մը՝ Վիրաւորուած
«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ երէկ՝ երկուշաբթի, 18 նոյեմբեր, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Հալէպի Լերամուն շրջանին մէջ զինեալ ընդդիմադիրներու կողմէ հրթիռ արձակուած է սուրիական բանակի կեդրոնի մը վրայ: Արձանագրուած են զոհեր եւ վիրաւորներ:
Հրթիռարձակումին պատճառով վիրաւորուած է նաեւ սուրիական բանակին մէջ ծառայող հայ զինուոր մը՝ Բաբգէն Պաղտատեան:
Հրթիռարձակումէն վիրաւորուածները անմիջապէս տարուած են հիւանդանոց եւ անմիջական բուժում ստացած: Բաբգէն Պաղտատեանի վէրքերը բուժուած են արդէն, այժմ բնակարանն է եւ կը հանգստանայ:

