Ամերիկեան Թերթը 150 Տարի Ետք Ներում Հայցած Է Ապրահամ Լինքընէն
«Էսոշիէյթըտ փրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան «Տը Փաթրիոթ-Նիուզ աֆ Հարրիսպըրկ» թերթը 150 տարի ետք ներում հայցած է Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ապրահամ Լինքընէն՝ անոր ճառը քննադատելուն համար։
Խօսքը կը վերաբերի Լինքընի հանրածանօթ Կեթիզպըրկ ճառին, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ հռետորական արուեստի գլուխ գործոցներէն կը նկատուի։
Նոյեմբեր 1863-ին այն ժամանակ «Տը Հարրիսպըրկ Փաթրիոթ անտ Եունիոն» կոչուող թերթը կշտամբած էր այդ ճառը՝ «անհեթեթ դիտարկումներու» համար, եւ ըսած, որ ատիկա մոռցուելու արժանի է։
150 տարի ետք նոյն թերթը այդ ճառը սրբազան անուանած է։
Օրին թերթը կը պատկանէր դեմոկրատականներուն եւ Լինքընի ընդդիմադիր էր։
CATEGORIES Միջազգային

