«Այժմ Իրանեան Հիւլէական Հարցը Լուծելու Իսկական Առիթ Մը Գոյութիւն Ունի» Ըսաւ Փութին
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կը յայտնէ, որ Իրանի հիւլէական «երկարատեւ» հարցին լուծում մը գտնելու «իսկական առիթ» մը գոյութիւն ունի։ Այդ յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութենէ մը ետք։
Քրեմլինի մամլոյ գրասենեակը երկու ղեկավարներուն միջեւ կատարուած հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք հաղորդեց, որ «իրանեան հիւլէական ծրագիրի ծիրին մէջ Փութին շեշտեց, որ ներկայիս այս երկարատեւ հարցին լուծում գտնելու իսկական առիթ մը գոյութիւն ունի։ Իրանի ղեկավարը իր կարգին ողջունեց վեց միջազգային միջնորդներուն ծիրին մէջ Ռուսիոյ տարած աշխատանքը»։
Նախագահ Փութինի եւ նախագահ Ռուհանիի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցաւ Իրանի եւ Վեցեակի միջեւ նախատեսուած հանդիպումէն երկու օր առաջ։ Երկու կողմերուն միջեւ բանակցութեանց երկրորդ փուլը պիտի սկսի 20 նոյեմբերին։ 7-8 նոյեմբերին տեղի ունեցած բանակցութեանց փուլին ընթացքին համաձայնութիւն չէր գոյացած։
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «արեւմտեան պետութիւնները պէտք է Իրանի դէմ պատժամիջոցները աւելցնեն, փոխանակ հետապնդելու հիւլէական թղթածրարին շուրջ շատ վատ համաձայնութիւն մը, որ պիտի առաջնորդէ կէտի մը, ուր զինուորական ընտրանքէն բացի այլընտրանք պիտի չմնայ»։
Նեթանիահու ըսաւ, որ Իրանի դէմ պատժամիջոցները մեղմացնելը պիտի ջնջէ ելեւմտական ճնշումը, որ օր մը Իրանը պիտի ստիպէ հրաժարելու իր վիճայարոյց հիւլէական ծրագիրէն։
Նեթանիահու ըսաւ, որ առաջարկուած համաձայնութեան մէջ Իրան միայն չնչին զիջումներ կը ներկայացնէ եւ հիւլէական զէնքեր շինելու իր կարողութիւնը կը պահէ։ «Աւելի լաւ համաձայնութեան մը հասնիլը պատժամիջոցները մեղմացնելու ճամբով չ՛ըլլար», ըսաւ ան։


