«21-րդ Դարը Թուրքիայինը Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Էրտողան
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Էրկանի քաղաքին մէջ շարք մը շինութիւններու բացման արարողութեան ժամանակ յայտարարած է, որ ոչ մէկ ուժ կրնայ Թուրքիան դիմակայել։
Ան նաեւ յայտարարած է, որ 21-րդ դարը Թուրքիայինը պիտի ըլլայ։
«Տայ Աստուած, որ ոչ մէկ ուժ կարենայ դիմակայել մեզ։ Իբրեւ կառավարութիւն՝ մենք ատոր կը ձգտինք», ըսած է Թուրքիոյ վարչապետը։
Էրտողան նաեւ նշած է, որ Թուրքիան արդէն փոխուած է։ Նոր հոգ կ՛ընէ իր բոլոր քաղաքացիներուն մասին՝ անկախ լեզուէն, կրօնէն կամ ազգային պատկանելիութենէն։
«Թուրքիան կը ձգտի զարգանալու եւ շրջանը փոխելու։ Թուրքիոյ ուժեղացումով պիտի ուժեղանայ շրջանը», ըսած է ան։
CATEGORIES Միջազգային

