Ժահժահ. «Հըզպալլա Նաւահանգիստին Մէջ Ապօրինի Անցքեր Կը Տնօրինէ»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ կէսօրէ ետք Մեհրապի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պատասխանեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի Աշուրայի առիթով արտասանած ճառերուն։

Ժահժահ նշեց, որ ոմանք կ­­՛ուզեն քարիւղի թղթածրարը շահագործել՝ Իսրայէլի հետ յաւելեալ ճակատ մը բանալու նպատակով։

Ժահժահ շեշտեց, որ սէյիտ Հասան Նասրալլա Սուրիոյ տագնապին վերաբերող ճշմարտութիւնները կը նենգափոխէ՝ աւելցնելով, որ Սուրիոյ տագնապը քրիստոնեայ համայնքը թիրախ դարձնելու հարց չէ։

«Ոմանք նոյնիսկ Յիսուս Քրիստոսով առեւտուր կ­­՛ընեն՝ սուրիական վարչակարգը պաշտպանելու ի խնդիր», ըսաւ Ժահժահ։

Ժահժահ եզրափակեց յայտնելով, որ Հըզպալլա նաւահանգիստին մէջ ապօրինի անցքեր կը տնօրինէ՝ աւելցնելով, որ Հըզպալլայի զէնքը պատճառ դարձած է, որ կարգ մը լիբանանեան շրջաններ վերածուին ապօրինի շրջաններու։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )