Վ. Սապունճեան Երկրագործութեան Նախարարին Հետ Կը Քննարկէ Կաթի Արտադրութեան Թղթածրարը
Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան երէկ ընդունեց կաթի եւ կաթնեղէնի արտադրութեան գործարաններու սեփականատէրերու խմբակցութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Ժաք Քալլասիի։
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ արտաքին շուկաներուն պահանջները, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ այդ արդիւնաբերութեան պարագային առողջապահական չափանիշերուն եւ յատկանիշերուն պահպանումին կարեւորութիւնը՝ ապահովելով քաղաքացիներուն առողջութիւնը։
Վ. Սապունճեան ընդգծեց կաթի եւ կաթնեղէնի արտադրութիւնը շարունակելու, զայն բարձրորակ դարձնելու եւ արդիւնաբերութիւնը բազմապատկելու անհրաժեշտութիւնը։
Հանդիպումին ընթացքին Վ. Սապունճեան ներկաները տեղեակ պահեց, թէ ինք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Հիւսէյն Հաժ Հասանի հետ եւ համաձայնութիւն գոյացուցած հետեւելու այս մարզին թղթածրարին ու ընդառաջելու կաթի եւ կաթնեղէնի արդիւնաբերութեան գործարաններուն կարիքներուն։
Վ. Սապունճեան աւելցուց, որ այս իմաստով իր եւ Հիւսէյն Հաժ Հասանի միջեւ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ յաջորդ շաբթուան ընթացքին։