Միքաթի. «Լիբանանի Տնտեսական Կացութիւնը Տակաւին Լաւ Է Եւ Այդ Իմաստով Մտահոգ Չեմ»
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց Տնտեսական խորհուրդները ներկայացնող պատուիրակութեան նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս սուրիացի գաղթականներու թղթածրարին առումով արձանագրուած զարգացումները։
Միքաթի կոչ ուղղեց Լիբանանի վկայած այս քաղաքական սուր բանավէճը անջատելու տնտեսական եւ ընկերային մարզերուն շուրջ տրուելիք որոշումներէն։
Միւս կողմէ, Միքաթի ընդգծեց, որ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը տակաւին լաւ է, եւ այդ իմաստով ինք մտահոգ չէ։
«Այս հանգրուանին ընթացիկ հարցերու կառավարութեան աշխատանքները սահմանափակ են, հետեւաբար անհրաժեշտ է կազմել կառավարութիւն մը», ըսաւ ան։
Միքաթի ընդունեց պետական նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Խէյրէտտինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները։
Հանդիպումէն ետք Խէյրէտտին ընդգծեց կառավարութեան կազմութիւնը արագացնելու անհրաժեշտութիւնը՝ նշելով միաժամանակ, որ Լիբանանի ներկայ իրավիճակը պէտք է փոխել։
Խէյրէտտին շեշտեց, որ երկրին ապահովական կառոյցները պէտք է պահպանեն Լիբանանը, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, թէ Քալամունի ճակատամարտը կրնայ Լիբանանին մեծ վտանգներ սպառնալ։
Միքաթիի այցելեց նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ, որ հրաժարեալ վարչապետին փոխանցեց ջուրի եւ ուժանիւթի հարցով Կիպրոս կատարած իր պաշտօնական այցելութեան արդիւնքները։


