Արսալի Մէջ Խալետ Եւ Եուսեֆ Հուժէյրիները Կը Սպաննուին

Արսալի մէջ երէկ սպաննուեցան Եուսեֆ եւ Խալետ Հուժէյրիները, որոնք Արսալի քաղաքապետ Ալի Հուժէյրիի հօրեղբօրորդիներն են։

Խալետ եւ Եուսեֆ Հուժէյրիներուն սպանութեան մասին շրջանառութեան մէջ դրուեցան երկու վարկածներ, որոնցմէ առաջինը այն էր, թէ սուրիական ուղղաթիռի մը կողմէ Արսալի ռմբակոծումին ընթացքին անոնք սպաննուած են, իսկ երկրորդ վարկածը այն էր, թէ անոնք Արսալի եւ Սուրիոյ սահմանամերձ շրջանին մէջ ունէին ագարակ մը եւ դէպի ագարակ ուղղուելու ճամբուն վրայ թիրախ դարձան ռմբակոծումի։

Ալի Հուժէյրի մերժեց իր հարազատներուն սպանութեան մասին յայտարարութիւններ կատարել՝ շեշտելով, որ անոնց սպանութեան վերաբերեալ յստակ տեղեկութիւններ չկան։

Այլ տեղեկութիւններու համաձայն, Խալետ եւ Եուսեֆ Հուժէյրիներ սպաննուած են սուրիական Քարրա գիւղաքաղաքին մէջ՝ Սուրիական ազատ բանակին կողքին կռուելու ընթացքին։

Այս տեղեկութիւնները հաստատուեցան ԱՖՓ լրատու գործակալութեան կողմէ։ Ըստ նոյն լրատու գործակալութեան, անոնք մաս կը կազմէին դէպի Սուրիա ուղղուող 30 զինեալ հաշուող պատուիրակութեան մը։

Միւս կողմէ, Արսալի քաղաքապետ Ալի Հուժէյրի շեշտեց, որ նախորդ երկու օրերուն ընթացքին Արսալ ժամանած են շուրջ 12 հազար սուրիացի գաղթականներ՝ նշելով, որ քաղաքապետարանը կը գործակցի ընկերային հարցերու նախարարութեան անձնակազմին եւ շրջան հասած օժանդակութեան խորհուրդներուն հետ։

Հուժէյրի շեշտեց, որ սուրիացի գաղթականներուն Արսալ հոսքը կ­­՛ենթադրէ, որ լիբանանեան պետութիւնը կազմ ու պատրաստ մնայ եւ իր կարգին օժանդակէ, որովհետեւ հսկայ օժանդակութեան կարիք կայ եւ քաղաքապետարանը առանձինն անկարող է հասնելու բոլորին։

Հուժէյրի լիբանանեան բանակէն եւ հանրապետութեան նախագահէն խնդրեց նաեւ, որ անոնք ջանան վերջ մը դնել Սուրիոյ կողմէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւններուն, յատկապէս նկատի ունենալով անցեալ շաբթուան ռմբակոծումները։

Միւս կողմէ, Պաալպեք-Հերմելի միւֆթի շէյխ Պաքըր Ռիֆահի կոչ ուղղեց արագացնելու գաղթակայաններու կառուցումը եւ սուրիացի գաղթականներուն ապաստան մը շնորհելու քայլը, որովհետեւ մզկիթները, սրահներն  ու փողոցները արդէն իսկ լեցուն են։

Իր կարգին, Ժամաա Իսլամիէի Պեքաայի քաղաքական պատասխանատու Ալի Ապու Եասին յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է իր պատասխանատուութիւնները ստանձնէ սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ։

Նշենք, որ նախկին նախարար Զիատ Պարուտ շեշտեց, որ Լիբանան հասնող սուրիացի գաղթականներու թղթածրարին հետ վարուելակերպը խոցելի է։

Share this Article
CATEGORIES