Թամմամ Սալամ Ընդունեց Քի Մունի Ներկայացուցիչը

Փլամպլի եւ Սալամ

Փլամպլի եւ Սալամ

Նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ Մուսայթպէի իր բնակարանին մէջ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները։

Հանդիպումէն ետք Փլամպլի շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան առումով տակաւին լաւ լուրեր չկան՝ նկատել տալով միաժամանակ, որ իրենք կը շարունակեն զօրակցիլ Սալամի՝ կառավարութիւն մը կազմելու անոր առաքելութեան մէջ։

Փլամպլի կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն նոյն ուղեգիծին մէջ մնալու՝ պաշտպանելու համար Լիբանանը, որովհետեւ այս հանգրուանին այդ է կարեւորը։

Միւս կողմէ, Սալամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Իրաւաբաններու Պէյրութի սենտիքայի նախագահ Ժորժ Ժրէյժի հետ եւ շնորհաւորեց զայն անոր ստանձնած նոր պաշտօնին առիթով։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )