Փաղանգաւոր Եւ Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւններուն Երեսփոխանները Հանդիպում Ունեցան

Երկկողմանի հանդիպումէն պահ մը

Երկկողմանի հանդիպումէն պահ մը

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխաններու պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Իպրահիմ Քանաան, Սիմոն Ապի Ռամիա եւ Զիատ Ասուատ, երէկ խորհրդարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխաններու մէկ պատուիրակութեան հետ։

Փաղանգաւոր կուսակցութեան պատուիրակութեան մաս կազմեցին երեսփոխաններ Սամի Ժեմայէլ, Էլի Մարունի, Նետիմ Ժեմայէլ եւ Ֆատի Հապըր։

Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ապահովական, տնտեսական եւ քաղաքական այս զգայուն հանգրուանին ընթացքին, լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ հանդիպումները անպատճառ պէտք է կատարուին։

Մարունի շեշտեց, որ իրենք համաձայնած են Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխաններուն հետ կառավարութեան անյապաղ կազմութեան շուրջ, ինչպէս նաեւ համաձայնութիւն գոյացուցած են աշխուժացնելու խորհրդարանին աշխատանքը եւ համապատասխան ելք մը գտնելու, որպէսզի խորհրդարանը վերադառնայ իր օրէնսդրական աշխատանքին՝ նկատի ունենալով, որ խորհրդարանին աշխատանքներուն արգելակումը կը վնասէ քաղաքացիներուն շահերուն։

«Հանդիպումին ընթացքին համաձայնեցանք նաեւ, թէ անհրաժեշտ է նախագահական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարել, որովհետեւ հանրապետութեան նախագահութիւնը քաղաքական բոլոր տարակարծութիւններէն վեր է», ըսաւ Մարունի՝ աւելցնելով, որ քննարկուած է նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան առաջադրած չէզոք կեցուածքի որդեգրման վերաբերող օրինագիծը։

Share this Article
CATEGORIES