Նախագահ Սլէյման Մեկնեցաւ Քուէյթ Մասնակցելու Արաբական- Ափրիկեան Վեհաժողովին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման՝ ընկերակցութեամբ Լիբանանի Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյմանի, երէկ կէսօրէ ետք մեկնեցաւ Քուէյթ, ուր իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Արաբական-ափրիկեան վեհաժողովին։

Նախագահ Սլէյմանի կողմէ այսօր վեհաժողովին արտասանուելիք Լիբանանի պաշտօնական խօսքը ուղղակի պիտի սփռուի պատկերասփիւռի տեղական կայաններէն եւ նախագահական պալատին պաշտօնական կայքէն։

Share this Article
CATEGORIES