Թրիփոլիի Մէջ. Ներքին Ապահովութեան Ուժերը Կը Սկսին Ապահովական Ծրագիրի Երկրորդ Հանգրուանի Գործադրութիւնը

Ներքին ապահովութեան ուժերը երէկ առաւօտեան Թրիփոլիի մէջ սկսան գործադրել լիբանանեան պետութեան մշակած Թրիփոլիի յատուկ ապահովական ծրագիրի երկրորդ հանգրուանը, որուն շրջագիծին մէջ ապահովութեան ուժերու 600 զինուորներ դիրքաւորուեցան Պապ Թըպպանէի, ժապալ Մըհսենի, Սուրիա փողոցին, Ռիվայի, Պաքքարի, Մաշրուհ Հարիրիի, Մալլուլէի եւ այլ շրջաններու մէջ՝ հաստատելով անցարգելներ եւ շրջուն ջոկատներու միջոցով հսկողութիւն բանեցնելով։

Վերոնշեալ շրջաններուն մէջ ապահովական ուժերու դիրքաւորումին ընթացքին տիրեց զգուշաւոր հանդարտութիւն։ Այդ մասին տուեալ շրջաններուն բնակիչները ունեցան դրական, սակայն միաժամանակ կասկածոտ արտայայտութիւններ՝ Թրիփոլիի մէջ ապահովական կայունութեան հաստատումին առնչութեամբ։

Միւս կողմէ, Պապ Թըպպանէի զինուորական պատասխանատուները հաստատեցին, որ ապահովական ուժերուն ներկայութեան առընթեր իրենք կառչած պիտի մնան իրենց զէնքին եւ պիտի չյանձնեն զայն։

Ժապալ Մըհսենի պարագային, բնակիչները յայտնեցին, որ իրենց համար նորութիւն մը չէր երէկուան քայլը՝ նկատի ունենալով, որ պետութիւնը արդէն իսկ իրենց մօտ կը գտնուի։

 

Share this Article
CATEGORIES