Կեսարիոյ Ս. Աստուածածին Եկեղեցին Պիտի Վերակառուցուի Եւ Դառնայ Ցուցասրահ
Կեսարիոյ մէջ շուրջ 40 տարի իբրեւ մարզական կեդրոն ծառայած հայկական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վերակառուցման ընթացքին փակցուած ցուցապաստառի «եկեղեցի» գրութիւնը քաղաքացիներու զայրոյթի պատճառ դարձած է։
«Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ «եկեղեցւոյ վերակառուցման աշխատանքներ» ցուցապաստառին ուղղուած քննադատութիւններէն ետք ցուցանակը փոխուած է եւ անոր տեղ տեղադրուած «մշակոյթի եւ արուեստի կեդրոնի շինարարութիւն» գրութիւնը։
Եկեղեցին շուրջ 40 տարի ծառայած է իբրեւ մարզական միջոցառումներու կազմակերպման վայր։
Կեսարիոյ բնակիչները տեղի ունեցածը կը կապեն Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի վերջին այն յայտարարութեան հետ, որ ճամբայ կառուցելու համար, եթէ պէտք ըլլայ, մզկիթ ալ պիտի քանդէ։
«Ակօս»-ի հետ զրոյցին ընթացքին Կեսարիոյ քաղաքապետարանի ներկայացուցիչը յայտնած է, որ ներկայիս քաղաքին մէջ կը վերակառուցուին քսան պատմական շինութիւններ, եւ տարիներ շարունակ իբրեւ մարզական կեդրոն ծառայած Ս. Աստուածածին եկեղեցին պիտի վերածուի ցուցասրահի։
Ան նշած է, թէ որովհետեւ եկեղեցին հայկական ճարտարապետութեան նմուշ է, վերակառուցման համար հայ ճարտարապետի հետ պիտի համագործակցին։ Պիտի վերակառուցուի նաեւ տակաւին գործող Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին։
Պաշտօնեան յայտարարած է, որ առաջին պաստառը պարզապէս իրենց ցուցանիշներուն չէր համապատասխաներ եւ միայն այդ պատճառով փոխուած է։


