Նալբանդեան Եւ Մովսիսեան Ներկայ Գտնուեցան Մարկվելաշվիլիի Երդմնակալութեան

2773_hq-(5)Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ ուժանիւթի ու բնական պաշարներու նախարար Արմէն Մովսիսեան նախանցեալ օր ներկայ գտնուեցան Վրաստանի նորընտիր նախագահ Կիորկի Մարկվելաշվիլիի երդմնակալութեան արարողութեան։

Հանդիսաւոր արարողութեան աւարտէն ետք, Մարկվելաշվիլի ընդունեց Հայաստանի նախարարները։

Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ Նալբանդեան Մարկվելաշվիլիին փոխանցեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի շնորհաւորանքներն ու Հայաստան այցելելու հրաւէր մը։

Կիորկի Մարկվելաշվիլի գոհունակութիւն յայտնեց Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ բարձր մակարդակի յարաբերութիւններուն առնչութեամբ՝ վստահութիւն յայտնելով, որ երկկողմանի ջանքերով կարելի է զանոնք աւելի խորացնել եւ ամրապնդել։

Զրուցակիցները քննարկեցին հայ-վրացական երկկողմանի յարաբերութիւններուն, տնտեսական համագործակցութեան, միջկառավարական յանձնախումբի յառաջիկայ նիստին, միջխորհրդարանական փոխադարձ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ վիրահայութեան առնչուող հարցեր։

Կիորկի Մարկվելաշվիլի խնդրեց իր ջերմ բարեմաղթանքները փոխանցել նախագահ Սերժ Սարգսեանին։

Նոյն օրը Էդուարդ Նալբանդեան եւ Արմէն Մովսիսեան հանդիպում ունեցան Վրաստանի վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլիի հետ։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկու երկիրներու նախագահներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման։

Հանդիպումներուն ներկայ էր Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Յովհաննէս Մանուկեան։

Կիրակի առաւօտեան տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Մայա Փանճիքիծէի դռնփակ հանդիպումը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում հայ-վրացական յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերուն շուրջ։

 

Share this Article
CATEGORIES