«Ազրպէյճան Կը Շարունակէ Ձախողեցնել Լեռնային Ղարաբաղի Բանակցային Հոլովոյթը» Կ՛ըսէ Էդուարդ Շարմազանով
Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու սպասուող հանդիպումէն քանի մը օր առաջ ազրպէյճանական զինեալ ուժերը կրակ բացած են սահմանապահ բնակավայրի մը ուղղութեամբ՝ քանիցս խախտելով զինադադարի դրութիւնը եւ յամառօրէն մերժելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղուած կոչերը եւ շարունակական ջանքերը։ Այս մասին յայտնեց Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով՝ անդրադառնալով 16 նոյեմբերին ազրպէյճանական զինեալ ուժերու կողմէ Տաւուշի մարզի Վազաշէն գիւղ տանող ճամբով անցնող քաղաքացիական ինքնաշարժներուն ուղղութեամբ արձակուած կրակոցը։
Էդուարդ Շարմազանով ընդգծեց, որ ասիկա անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ, որ Ազրպէյճան կը շարունակէ ձախողեցնել բանակցային հոլովոյթը։ Ազգային ժողովի փոխնախագահը ընդգծեց, որ ազրպէյճանական զինեալ ուժերուն կողմէ շրջանային կայունութիւնը եւ խաղաղութիւնը խարխլող նմանօրինակ գործողութիւնները պէտք է խստիւ դատապարտուին համանախագահ երկիրներու եւ միջազգային հանրութեան կողմէ։


