Տաւութօղլու Եւ Քերրի Պիտի Քննարկեն Ղարաբաղեան Տագնապը
Թրքական «Հուրրիյեթ» օրաթերթը կը տեղեկացնէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու մեկնեցաւ Ուաշինկթըն, ուր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ տեղի ունենալիք բանակցութիւններու օրակարգին վրայ ընդգրկուած է նաեւ ղարաբաղեան տագնապի նիւթը։
Թերթին տեղեկութիւններուն համաձայն, Ահմեթ Տաւութօղլու կը փորձէ համոզել Միացեալ Նահանգները՝ նոր թափ տալու Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն։
CATEGORIES Հայկական

