Ամերիկեան Ցամաքամասի Եւ Աւստրալիոյ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Խորհրդաժողովի Յայտարարութիւն
Նոյեմբեր 16-17-ին Քանատայի Մոնթրէալ քաղաքին մէջ կայացաւ Ամերիկեան ցամաքամասի եւ Աւստրալիոյ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովը։ Խորհրդաժողովին մասնակցեցան Քանատայի, Արեւմտեան Ամերիկայի, Արեւելեան Ամերիկայի եւ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Հայ դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի պատուիրակութիւնը։ Երկօրեայ խորհրդաժողովի ընթացքին քննարկուեցան համաշխարհային ներկայ քաղաքական իրավիճակը եւ Հայ դատի ներկայ հանգրուանի մարտահրաւէրները։
Խորհրդաժողովը լսեց ժողովին մասնակից շրջաններու աշխատանքային զեկուցումները եւ քննարկման բովէ անցուց ամերիկեան ցամաքամասի եւ Ովկիանիոյ ցամաքամասի տարածքին Հայ դատի աշխատանքներու ներկայ աշխատանքային հոլովոյթն ու մարտահրաւէրները։
Խորհրդաժողովը անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման խնդիրներուն, Եղեռնի 100-ամեակին, Արցախի անկախութեան ճանաչման եւ Ջաւախքի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան գծով կատարուելիք աշխատանքներուն։ Յատուկ շեշտադրութեամբ քննարկուեցաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Աւստրալիոյ հայահոծ գաղութներու նորահաս սերունդի յաւելեալ քաղաքականացման հարցը։
Խորհրդաժողովը շեշտեց Ամերիկեան ցամաքամասի եւ Աւստրալիոյ մէջ գործող Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու Սուրիոյ հայութեան աջակցութեան ուղղութեամբ աշխատանքները հետեւողականօրէն շարունակելու անհրաժեշտութիւնը։