Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Մնացէք հաւատարիմ ձեր որոշումներուն, առօրեայ ձեր պարտականութիւններուն։ Հեռու մի՛ մնաք նաեւ ձեր շրջապատէն, մարդասէր եղէք։
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ յոգնած կը զգաք, հանգստանալու առիթ մը ստեղծեցէք, որպէսզի կարենաք գալիք օրերուն դիմանալ՝ ձեր ծրագրած աշխատանքները կատարելու։
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Բարեացակամ տրամադրութեամբ պիտի վարուիք այնպիսի անձերու հետ, որոնց վերաբերումը կը հակասէ ձեր ցուցմունքին կամ պահանջին։
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մի՛ աճապարէք կարգ մը որոշումներ գործադրելու օրը օրին, այլ համբերութեամբ սպասեցէք աւելի յարմար օրերու, որպէսզի դիւրութեամբ հասնիք ձեր երազին իրագործման։
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ինչ որ ընէք, եթէ նոյնիսկ սխալած էք, մի՛ զղջաք, այլ ջանացէք դաս քաղել ձեր փորձառութենէն, դրական կամ ժխտական դէպքերու պարագային։
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Առանձնանալը լաւ է պարբերաբար, կեդրոնանալու համար։ Այսուհանդերձ, ընկերային ձեր պարտաւորութիւններէն խոյս մի՛ տաք։ Իւրաքանչիւր հարց իր կարգին կատարելը իմաստութիւն է։
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Հեւքոտ աշխատանք կը տանիք այս օրերուն, ինչ որ շահեկան է, բայց նոյն ատեն եղէք բաւարարին կողմնակից՝ հեռու մնալով չափազանցութենէն։
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Հաճելի հանդիպում մը պիտի ունենաք, որուն ընթացքին պիտի գնահատուիք ձեր հիւրասիրութեան եւ մանաւանդ ձեր սրամիտ արտայայտութիւններուն համար։ Օրը լաւ է։
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մի՛ թերագնահատէք ձեր շուրջիններուն գործակցութիւնը, եթէ նոյնիսկ չեն կրնար ճիշդ ձեր ուզածը իրագործել։ Վստահեցէք իւրաքանչիւրին կարողութեան։
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ընտանեկան հանդիպում մը ուրախութիւն պիտի ներշնչէ ձեզի։ Ձեր ներկայութիւնը պիտի ոգեւորէ մթնոլորտը։ Գնահատեցէք իւրաքանչիւրին դերը։
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Պտոյտի մը առիթը ստեղծեցէք ոչ միայն տեսարժան վայր մը գտնելու նպատակով, այլ դադար մը տուէք ձեր ծանրաբեռնուած վիճակին։ Հանգիստ եղէք։
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Վերջերս ունեցած էք փայլուն աշխատանք՝ նախանձը գրգռելով ձեր շուրջիններուն։ Կարեւորութիւն մի՛ տաք, մնացէք ձեր խառնուածքին հնազանդ։