50 Տարի Առաջ (20 Նոյեմբեր 1963)

Սայաթ Նովան Ազգային Նուպարեան
Վարժարանին Մէջ

Անմահն գուսան Սայեաթ Նովայի ծննդեան 250-ամեակին առիթով, վարժարանին տնօրէնութիւնը գեղեցիկ գաղափարը ունեցաւ անցնող շաբաթը ամբողջութեամբ նուիրել մեծ երգիչին՝ հռչակելով Սայաթ Նովայի շաբաթ, 11 նոյեմբեր երկուշաբթիէն սկսեալ, վարժարանի բակին եւ դասարաններուն վրայ ցուցադրուեցան Սայեաթ Նովայի մասին լոյս տեսած հայաստանեան եւ արտասահմանեան հրատարակութիւններ եւ պատերը զարդարուեցան անոր գոյնզգոյն նկարներով։

Տեսչարանին մէջ գումարուած ուսուցչական բացառիկ նիստի մը մէջ Արմէն Տօնոյեանի կողմէ տրուեցան յաւելեալ ծանօթութիւններ եւ վեր առնուեցաւ Սայեաթ Նովային իսկական արժէքը։ Եղան կարծիքներու փոխանակութիւններ, եւ թելադրուեցաւ դաստիարակներուն, որպէսզի սերտողութեանց միջոցին, եւ կամ երբ որ յարմար կը նկատեն, ամբողջ շաբթուան ընթացքին խօսին աշակերտութեան հայ աշխարհահռչակ գուսանին կեանքին ու գործին մասին։

Որպէսզի աշակերտութիւնը աւելի մօտէն ծանօթանայ Սայեաթ Նովայի երաժշտական ստեղծագործութիւններուն, ռատիօ-փիքափով մը նուագուեցան անոր ընտիր ձայնապնակները՝ առաւօտեան, կէսօրուան դադարներուն եւ զբօսանքներուն։ Շաբաթ օրուան վերջին պահը յատկացուեցաւ Սայեաթ Նովայի յիշատակին նուիրուած աշակերտական հաւաքոյթի մը, որուն ընթացքին եղան արտասանութիւններ, երգուեցան երգեր եւ վարժարանի ուսուցչուհիներէն Զարուհի Գազեզեան աշակերտներուն հասկնալի լեզուով խօսեցաւ հայ մեծ աշուղի կեանքին ու գործին մասին։

Ամբողջ մէկ շաբաթ Նուպարեանի աշակերտութիւնը ապրեցաւ Սայեաթնովեան մթնոլորտի մը մէջ, մտիկ ընելով անոր երգերը, դիտելով նկարները, կարդալով իրեն նուիրուած յօդուածները եւ բանաստեղծութիւնները։

Ազգային Նուպարեան վարժարանին համար Սայեաթ Նովային նուիրուած շաբաթը առաջինն է անշուշտ, բայց երբեք պիտի չըլլայ վերջինը։ Ներկայ տարեշրջանին, յաջորդաբար պիտի կազմակերպուին նման ձեռնարկներ՝ նուիրուած հայ մշակոյթի տիտաններուն, որպէսզի նոր սերունդը դաստիարակուի անոնց ոգիով՝ անմար պահելու համար հայուն մշտավառ կանթեղը։

Տղաքը դուրս եկան սրահէն՝ Սայեաթ Նովան իրենց հոգիներուն մէջ։

 

Ե. Ք.

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )