«Ազդակ»-ի Մամլոյ 87-րդ Լսարան. Տոքթ. Յարութիւն Մարութեան Դասախօսեց «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին Ընդառաջ Մտածումներ Եւ Խորհուրդներ» Նիւթին Շուրջ

Maroutian

«Ազդակ»-ի կազմակերպած մամլոյ 87-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ երէկ` երեքշաբթի, 19 նոյեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ` ներկայութեամբ քաղաքական, դիւանագիտական, կուսակցական անձնաւորութիւններու եւ հայորդիներու:

Vahram-EmmiyanՁեռնարկին բացումը կատարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան բանախօսը: «Այն իրողութիւնը, որ դասական սփիւռքի կողքին Հայաստանի Հանրապետութեան բնակիչներուն մէկ նկատառելի մասը Համիտեան ջարդերէն եւ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու շառաւիղներ են, ինչպէս նաեւ հայութեան պատմական հողերուն վրայ իսլամացուած կամ ծպտեալ հայերու նկատառելի զանգուած մը գոյութիւն ունի, բնականաբար Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին անոնց վիճակին ու դերակատարութեան շուրջ մտածումներ կը յառաջացնէ», ըսաւ Էմմիեան: Ապա ան խօսքը փոխանցեց Հայոց ցեղասպանութեան գիտական խորհուրդի անդամ, փորձագէտ, ազգագրագէտ, պատմական գիտութիւններու տոքթոր Յարութիւն Մարութեանին:

Շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ հայրենի փորձագէտը անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ ի՛ր մտածումներու եւ խորհուրդներու եզրայանգումին: «Ինչո՞ւ համար է 100-ամեակի նշումը, որո՞ւ հասցէագրուած է եւ ի՞նչ խնդիրներ կան», հարց տուաւ ան: Իբրեւ թիրախ, տոքթ. Մարութեան դիտել տուաւ, որ այդ նշումը պէտք է նկատի ունենայ հիմնական երեք մտածելադաշտեր.

– Աշխարհի, համայն աշխարհի հանրային կարծիքը:

– Թուրքիոյ քաղաքացիները:

– Հայութիւնը:

100-ամեակի նշումը պէտք է արծարծէ հիմնական չորս խնդիրներ.

ա) Հայոց ցեղասպանութիւնը` իբրեւ քաղաքական գործօն:

բ) Քաղաքական գործօնի տիրոջ հասկացողութեան հաստատում, ամրապնդում:

գ) Այս նշումը պէտք է խթանէ նորանոր քայլեր:

դ) Հայոց ինքութեան գիտակցութիւնը պէտք է որոշակի փոփոխութեան ենթարկուի:

Ապա ան հանգամանօրէն մանրամասնեց իւրաքանչիւր գլուխ` պարզելով ի՛ր տեսակէտներն ու առաջարկները: Օրինակ, ան առաջարկեց Հայոց ցեղասպանութեան մասին կազմակերպել համայն մարդկութեան ուղղուած գիտաժողով մը, ուր եւ նշուին աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ պատահած ցեղասպանութեանց այլ օրինակներ, այսպիսով քննական անդրադարձ ստեղծելով միջազգային հանրային կարծիքին մօտ: Նաեւ` կարելի է աշխատանք տանիլ Հայոց ցեղասպանութեան մասին զանգուածային լրատուութեան միջոցառումներու առումով: «Տեղեկատուութեան խիստ պակաս կայ», ընդգծեց տոքթ. Մարութեան, իբրեւ օրինակ նշելով «Ինթըրնեշընըլ Թասք Ֆորս»-ը, որուն անդամ քսան պետութիւններէն տասներկուքը արդէն կը ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը: Հոս կարելի է դիմել, առաջարկել, անդամակցիլ նման միութիւններու եւ աշխատանք տանիլ Հայոց ցեղասպանութեան մասին բաժիններ ներառելու դասընթացքներու ծրագիրներու մէջ: Նաեւ` 100-ամեակի նշումը ներկայացնել իբրեւ մարդու իրաւունքներու ոտնահարման հարց:

«Հայոց ցեղասպանութիւնը քայլ առ քայլ ներառել, ներմուծել մարդկութեան, համայն մարդկութեան յիշողութեան մէջ», ընդգծեց տոքթ. Մարութեան` զուգահեռ մը գծելով Հայոց ցեղասպանութեան եւ հրէական ողջակիզումին միջեւ: Ան յատուկ կարեւորութեամբ նշեց Ցեղասպանութեան թանգարաններու հիմնումը` տրուած ըլլալով, որ մարդիկ կրնան ամէն օր թանգարան այցելել, մինչ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կառուցուած յուշարձանները մնայուն գործօն չեն: «Թանգարանի ստեղծումը բարդ է, պիւտճէ կը պահանջէ, բայց երկսայրի է: Անիկա կը նպաստէ համայնքի ուժեղացման», յայտնեց Մարութեան:

Թուրքիոյ քաղաքացիներուն ուղղուած քայլերը կրնան ընդգրկել, օրինակ` պատկերասփռուած քննարկումի ելոյթներ` հայ եւ թուրք հետազօտողներու մասնակցութեամբ, միաժամանակ հեռարձակուելով հայկական եւ թրքական պատկերասփիւռի կայաններէն: Հոս թրքական պետական ժխտական հակազդեցութիւնը կրնայ իր անդրադարձը ունենալ թուրք դիտողին, հասարակութեան մօտ` Հայոց ցեղասպանութեան հարցի ըմբռնումին շուրջ:

«Թրքական լսարանը խիստ մեծ է, աւելի քան եօթանասուն միլիոն (բնակչութիւն), միակ ձեւը` պատկերասփիւռի ճամբով հայ-թուրք երկխօսութեան գծով փոխադարձ վստահութեան ստեղծումն է», շեշտեց բանախօսը: Ան առաջարկեց նաեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը նշող ձեռնարկներու ճամբով դատապարտել օրուան գաղափարախօսութիւնը, այսինքն` թուրքերու փոխարէն ընդգծել երիտասարդ թուրքերու կիրարկած փանթուրքիզմի գաղափարախօսութիւնը, այնպէս ինչպէս հրեաներ կը դատապարտեն գերմանական նացիական շարժումի գաղափարախօսութիւնը եւ ոչ թէ գերմանացիները:

Տոքթ. Մարութեան նաեւ անհրաժեշտ նկատեց միջազգային հանրային կարծիքին ու յատկապէս թուրքերուն ցոյց տալ, թէ Հայոց ցեղասպանութեան իրաւայաջորդները ոչ միայն սփիւռքահայերն են, այլ նաեւ` հայաստանցիները, որովհետեւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն 60 առ հարիւր համեմատութիւնը Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած արեւմտահայերն են, հետեւաբար` Հայաստանի իշխանութիւնները եւս իրաւասու են հայոց պահանջատիրութեան մէջ: Յատուկ քարտէսներով նշել այդ (Հայաստանի) քաղաքացիներու Արեւմտահայաստանի բնօրրանները: «Մենք ունինք մեթոտաբանական ոչ բաւարար պատրաստութիւն, մենք սորվելու բան ունինք», ընդգծեց դասախօսը:

Ան առաջարկեց պատրաստել Հայոց ցեղասպանութեան մասնագէտ երիտասարդ փորձագէտներ ու հայու «ցեղասպանութեան զոհ» ըմբռնումը փոխարինել եւ ցոյց տալ հայու ինքնապաշտպանութեան ոգին եւ ոչ թէ միայն կոտորուած հայը: Ան առաջարկեց Հայոց ցեղասպանութեան յատուկ թանգարաններ հիմնել եւ հոն մէկտեղել աշխարհի զանազան վայրերու արխիւներու Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող մասերը` ի հարկին պատճէնահանելով զանոնք: Ան իբրեւ օրինակ յատուկ կերպով նշեց Վանի ինքնապաշտպանութիւնը:

Դասախօսութեան աւարտին հայրենի բանախօսը համաձայն գտնուեցաւ «Ազդակ»-ի այն մատնանշումին, թէ հայոց պատմութեան դասագիրքերուն մէջ յստակօրէն կ՛ուսուցանուին Վանի ինքնապաշտպանութեան օրինակով` Ուրֆայի, Շապին Գարահիսարի եւ այլ հերոսամարտեր ու յատկապէս` ցեղասպան թուրքը պատժած հայ վրիժառու բազուկը` Սողոմոն Թեհլիրեան եւ ուրիշներ եւ թէ հայոց ինքնապաշտպանութեան մարտավարութիւնը իբրեւ օրինակ որդեգրուած է հրէական «Օշվից» թէ այլ ողջակիզումի կեդրոններուն եւ աւելի ուշ` պաղեստինեան ազատագրական կազմակերպութեանց կողմէ: Իսկ այն մատնանշումին, թէ` «ի՞նչ պարունակի մէջ կը զետեղէք Հայոց ցեղասպանութենէն միայն երեք տարի ետք ցեղասպանութեան կրկնութիւնը արգիլող անկախութեան իրողութիւնը», տոքթ. Մարութեան թելադրեց այդ հարցը ձգել քաղաքագէտներուն` ընդգծելով, որ «ես փորձագէտ եմ, քաղաքագէտ չեմ»:

Զրոյցի շարունակութեան մէջ հայրենի բանախօսը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )