Լաւրով. «Ճոն Քերրիի Հետ Համաձայնեցանք Սուրիոյ Տագնապը Քննարկելու Համար Մօտ Օրէն Հանդիպելու»

Սերկէյ Լաւրով

Սերկէյ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ իր ամերիկացի պաշտօնակից Ճոն Քերրիի հետ համաձայնած է Սուրիոյ տագնապը քննարկելու համար մօտ օրէն հանդիպելու` նշելով, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ պիտի քննարկէ սուրիական տագնապի լուծման կարելիութիւնները:

Լաւրով ողջունեց «Սուրիական յեղափոխութեան ուժերու եւ ընդդիմութեան Ազգային համաձայնական մարմինի Մոսկուա այցելութեան հրաւէրը ընդունիլը»` աւելցնելով, որ այդ քայլը «դրական է»:

«Ռուսիա կը ջանայ ընդդիմութեան օժանդակել` բիւրեղացնելու համար յառաջիկայ բանակցութեանց հարցով միացեալ կեցուածք մը գոյացնելը` առանց նախապայմաններու», ըսաւ Լաւրով:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ իր երկիրը հետաքրքրուած է «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովին սուրիական ընդդիմութեան մասնակցութեամբ` նշելով, որ «կը նախընտրենք, որ ընդդիմութիւնը միջազգային խորհրդաժողովին միացեալ պատուիրակութեամբ մասնակցի, սակայն ասիկա պարտադիր պայման մը չի նկատուիր»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է, որ շարք մը պետութիւններու կողմէ սեփական տարածքին մէջ Սուրիոյ քիմիական զէնքի ոչնչացման հետ կապուած մերժումը չի յանգեցներ Սուրիոյ քիմիական զինաթափման հոլովոյթի դանդաղեցման:

«Սուրիոյ նկատմամբ մեր բարեկամներուն եւ դաշնակիցներուն հետ հասարակաց նպատակը արիւնահեղութեան դադրեցումն է, եւ այդ պատճառով պէտք է կողմերը բանակցութեանց սեղան բերենք եւ մենք ատոր կը մօտենանք», ըսաւ Քերրի: Ան ողջունեց վերջերս սուրիական ընդդիմութեան «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին մասնակցութեան ի նպաստ քուէարկութիւնը:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտնեց, որ իր աշխատանքներու ժամանակացոյցը արգելք կը հանդիսանան, որ այս շաբթուան վերջաւորութեան Իսրայէլ այցելէ` աւելցնելով, որ «այս այցելութիւնը պիտի յետաձգուի Գոհաբանութեան տօնէն ետք»: Ան կոչ ուղղեց իր այցելութեան յետաձգման առնչութեամբ իր աշխատանքային ժամանակացոյցէն այլ բացատրութիւններ չտալու:

«Վրեմիա» կը նշէ, որ ըստ Քերրիի, «միջազգային ընտանիքի աչքին առջեւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած է նշանակալից իրադարձութիւն»:

«Դամասկոսի քիմիական զէնքը կ՛անցնի հսկողութեանը տակ Քիմիական զէնքի արգիլման կազմակերպութեան, որ նպատակ ունի մինչեւ տարեվերջ երկրէն դուրս հանել ամէնէն վտանգաւոր քիմիական նիւթերը: Եւ ես կը տեսնեմ, որ մենք ներկայիս կը շարժինք ըստ ծրագիրի», ընդգծած է Քերրի:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը նաեւ նշած է, որ եթէ որոշ երկիրներ հրաժարած են իրենց տարածքին մէջ քիմիական զէնքերը ոչնչացնելէ, ապա ատիկա չի նշանակեր, որ իրենք այլընտրանքային տարբերակներ չունին:

Քերրի նաեւ վստահութիւն յայտնած է, որ միջազգային հանրութիւնը օրէ օր կը մօտենայ սուրիական տագնապի խաղաղ լուծման:

Միեւնոյն ժամանակ ան անդրադարձած է Սուրիոյ մէջ ստեղծուած «մարդասիրական սարսափելի իրավիճակին»` յայտնելով, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հիմա եւս կ՛օգտագործէ ժողովուրդը սովամահ ընելու քաղաքականութիւնը:

Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտելլահեան յայտարարեց, որ իր երկիրը դէպի Սուրիա զէնք կամ զինեալ չէ ուղարկած եւ զինուորական օժանդակութիւն չէ տրամադրած` նշելով, որ «մեր զինուորական խորհրդականներէն ոմանք ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցին մէջ սուրիացիներուն խորհրդատուութիւն կը կատարեն»:

Ապտելլահեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «ՄԱԿ-էն տեղեկութիւն ստանալէ ետք, թէ Եւրոպայէն, Չինաստանէն եւ այլ երկիրներէ իսլամական զինեալներ Սուրիա եկած են, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին օժանդակելու համար զինուորական խորհրդատուներ ուղարկեցինք»` շեշտելով, որ «ահաբեկչութեան դէմ պայքարին Սուրիոյ օժանդակելը ամբողջ միջազգային ընտանիքին համար կարեւոր է»:

Ան աւելցուց, որ «Սուրիոյ մեր օժանդակութիւնը պիտի շարունակուի եւ Իրան անկասկած Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման մէջ շինիչ եւ ազդու դերակատարութիւն պիտի ունենայ»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Ուաշինկթընի մէջ լրագրողներուն յայտնեց, որ Թուրքիա ծայրայեղական գործիչներուն իր սահմանէն Սուրիա ուղղուիլ չ՛արտօներ: Ան անոնց Թուրքիա մուտք գործելը արգիլելու համար յաւելեալ գործակցութիւն պահանջեց:

Տաւութօղլու նշեց, որ Անգարա իր արեւմուտքցի դաշնակիցներէն խնդրած է ենթադրեալ ծայրայեղականներուն շուրջ գաղտնի սպասարկական տեղեկութեանց փոխանակում կատարել, որպէսզի թրքական իշխանութիւնները կարենան արգելք հանդիսանալ, որ այդ ծայրայեղականները մուտք գործեն Թուրքիոյ տարածք, ուր տարեկան 34 միլիոն զբօսաշրջիկ կ՛այցելէ:

«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ «Փաթրիոթ» հրթիռային երկու համակարգերը մէկ տարի եւս պիտի ձգեն Թուրքիոյ տարածքին մէջ:

Փենթակոնի մամլոյ քարտուղար Քարլ Վուկ նշած է, որ Հէյկըլ բանակցութիւններ վարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ եւ թրքական կողմն է, որ պնդած է, որ հակաօդային համակարգերը շարունակեն մնալ Թուրքիոյ տարածքին մէջ:

Բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուած են նաեւ սուրիական քիմիական զէնքի պահեստներու ոչնչացման հաւանական քայլերը: Ներկայիս կը քննարկուի սուրիական քիմիական զէնքի ոչնչացումը իր տարածքին մէջ կատարելու պատրաստակամ յարմար երկիր գտնելու հարցը:

Միւս կողմէ, ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ սուրիական բանակը Քալամունի Քարա գիւղը առած է իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ:

 

Սերկէյ Լաւրով

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )