Զոյգ Անձնասպանական Գործողութիւններ Թիրախ Կը Դարձնեն Իրանեան Դեսպանատունը. 24 Զոհերուն Շարքին` Նաեւ Դեսպանատան Մշակութային Կցորդը

bir_hasan1Երէկ առաւօտեան ժամը 9:40-ին, Պէյրութի իրանեան դեսպանատան մօտ արձանագրուած երկու պայթումներ խախտեցին Լիբանանի վայելած ապահովական անդորրը` պատճառելով 24 զոհեր եւ վիրաւորելով 147 ուրիշներ:

Քիչ անց պարզուեցաւ, որ պայթումները հետեւանք են զոյգ անձնասպանական գործողութիւններու, որոնք կը կրեն Քայիտայի մատնահետքը:

Պայթումներուն պատճառած զոհերուն շարքին էին իրանեան դեսպանատան մշակութային խորհրդատու շէյխ Իպրահիմ Անսարի եւ դեսպանատան վեց պահակները, որոնցմէ երկուքը լիբանանցիներ էին:

Պայթումները հետեւանք էին իրերայաջորդ երկու անձնասպանական գործողութիւններու, որոնք գործուած են միայն 40 երկվայրկեանի տարբերութեամբ:

Առաջին անձնասպանական գործողութեան հեղինակը մօտեցած էր դեսպանատան կառատան մուտքը պայթեցնելու նպատակով, որպէսզի առիթ տար երկրորդ անձնասպանական գործողութեան հեղինակին, որ ականուած ինքնաշարժով մուտք պիտի գործէր դեսպանատուն` հոն գործելու համար երկրորդ պայթումը:

Սակայն դեսպանատան պահակները կրակ բացին առաջին գործողութեան հեղինակին վրայ, որ թէեւ կատարեց անձնասպանական գործողութիւնը, բայց չկրցաւ քանդել նոյնիսկ կառատան դարպասը, իսկ երկրորդին պարագային` ըմպելի ջուրեր փոխադրող բեռնակառք մը, որուն վարորդը ճամբուն մէջտեղ թողած էր զայն եւ ուղղուած հետեւելու դեսպանատան կառատան մուտքի իրարանցումին, ինքնաբերաբար արգիլած էր ականուած ինքնաշարժը` դեսպանատան մօտենալէ, ինչ որ պատճառ դարձած էր, որ զայն վարող անձնասպանական գործողութեան հեղինակը դեսպանատունէն քիչ անդին կատարէր գործողութիւնը` պատճառելով մարդկային եւ նիւթական հսկայական վնասներ:

Զոյգ անձնասպանական գործողութիւններուն պատասխանատուութիւնը ստանձնեց Քայիտայի «Ապտալլա Ազզամ» փաղանգը, որուն անունով Սրաժէտտին Զրէյքաթ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ նման յարձակումներ պիտի շարունակուին, մինչեւ որ Հըզպալլայի մարտիկները Սուրիայէն նահանջեն եւ լիբանանեան բանտերուն մէջ գտնուող իրենց անդամները ազատ արձակուին:

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան կողմէ երէկ երեկոյեան հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ կատարուած հետաքննութեան համաձայն, ցարդ փաստուած է, որ առաջին պայթումը մոթորսիքլեթով գործուած անձնասպանական գործողութիւն մըն է, որուն ընթացքին այդ գործողութեան հեղինակը կը կրէր 5 քիլոկրամ կշռող ականուած գօտի մը, իսկ երկրորդ պայթումը «Ճիփ Պլէյզըր 4×4» տիպի, մուգ մոխրագոյն ինքնաշարժով գործուած անձնասպանական գործողութիւն մըն է:

Հաղորդագրութեան համաձայն, պայթումին համար օգտագործուած ինքնաշարժը ականուած է 50 քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթով:

abadiԼիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի իսրայէլեան գոյացութիւնը պատասխանատու նկատեց գործուած այս ահաբեկչութեան համար: Ան շեշտեց, որ նման անարգ ոճիրներ կը մղեն, որ Դիմադրութեան ուղեգիծին նկատմամբ իրենց կառչածութիւնը ամրապնդուի:

Ապատի գուժեց իրանեան դեսպանատան մշակութային կցորդ շէյխ Իպրահիմ Անսարիի նահատակութիւնը` շեշտելով, որ զոյգ պայթումներուն թիրախը իրանեան դեսպանատունն էր: Ան նշեց, որ դեսպանատան դիւանագիտական անձնակազմը ողջ առողջ է:

«Այսօրուան պայթումները կ՛ապացուցեն մեր կեցուածքներուն ճշգրտութիւնը եւ կը հաստատենք, որ մենք մեր սկզբունքներէն անշեղ պիտի մնանք», ըսաւ ան:

Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ անմիջապէս ժամանեց պայթումին վայրը եւ բոլոր հիւանդանոցներուն թելադրեց բոլորին դիմաց բանալ իրենց դռները եւ վիրաւորները լաւագոյն միջոցներով դարմանել:

Կէսօրէ ետք Հասան Խալիլ այցելեց պայթումներուն պատճառած վիրաւորները` անոնց շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով: Ան նշեց, որ 20 զոհերու ինքնութիւնը արդէն իսկ յստակացած է, սակայն տակաւին կան դիակներու բեկորներ, որոնց պատկանելիութիւնը  «Տի. Էն. Էյ.» քննութիւններուն միջոցով կարելի պիտի ըլլայ բացայայտել:

Դէպքին վայրը ժամանեց նաեւ զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր, որ բանակի գաղտնի սպասարկութեան եւ ոստիկանութեան փաստահաւաք բաժանմունքին յանձնեց պայթումներուն մասին հետաքննութիւն բանալու ու անոնց դրդապատճառները քողազերծելու պարտականութիւնը:

Իրանեան դեսպանատունը այսօր` չորեքշաբթի, 20 եւ վաղը` հինգշաբթի, 21 նոյեմբերին ցաւակցութիւններ պիտի ընդունի:

Նշենք, որ լիբանանեան պետութեան որոշումով հինգշաբթի, 21 նոյեմբերը ընդհանուր սուգի օր է, որուն ընթացքին կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-12:00 Պիր Հասանը թիրախ դարձուցած պայթումի զոհերուն սուգին համար աշխատանքը պիտի դադրի:

Միւս կողմէ, կրթութեան նախարարութիւնը երէկ հաստատեց, որ այսօր Լիբանանի բոլոր դպրոցներուն պարագային ուսման սովորական օր է:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, որ կը գտնուէր Քուէյթ, հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ դեսպան Ապատիի հետ:

Նախագահ Սլէյման դատապարտեց իրանեան դեսպանատունը թիրախ դարձուցած պայթումները, որոնց պատճառով զոհուած են քաղաքայիններ:

«Ոճրային այս պատգամները մեր համոզումներն ու սկզբունքները փոփոխութեան չեն ենթարկեր, այլ` անմեղ զոհեր կը պատճառեն», ըսաւ նախագահ Սլէյման` շեշտելով, որ ահաբեկչութեան ձեռքը պիտի չկարենայ ժամացոյցին սլաքները ետ տանիլ եւ Լիբանանի պատմութեան սեւ էջերը ի յայտ բերել:

bir_hasan2Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն զգաստ մնալու, համախոհութիւն գոյացնելու եւ իրենց ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու, իսկ ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներէն խնդրեց բազմապատկել իրենց ջանքերը` բացայայտել կարենալու համար ահաբեկիչներն ու յանցագործները, ինչպէս նաեւ զանոնք ձերբակալելու եւ դատական իշխանութիւններուն յանձնելու:

Նախագահ Սլէյման Քուէյթի մէջ տեղի ունեցած Արաբական-ափրիկեան Գ. վեհաժողովի երեկոյեան նիստին ընթացքին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ  դատապարտեց Պէյրութի պայթումները եւ շեշտեց, որ Լիբանան պիտի չարտօնէ, որ ներածուած ահաբեկչութիւնը պայթեցնէ իր ընկերային հիւսուածքը, ինչպէս նաեւ առիթ պիտի չտայ, որ այլոց հաշիւները իր հողերուն վրայ մաքրուին:

Կը նախատեսուէր, որ նախագահ Սլէյման երէկ երեկոյեան վերադառնար Լիբանան` ընդհատելով Քուէյթ կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը:

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ապատիի հետ, որուն փոխանցեց իր ցաւակցութիւնը` պայթումներուն պատճառած զոհերուն սուգին առիթով եւ զօրակցութիւն յայտնեց լիբանանցիներուն:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ շեշտեց, որ իրանեան դեսպանատան դէմ գործուած պայթումը բոլորիս համար զգուշացում է: Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մուրտիա Աֆխամ նշեց, որ Պէյրութի մէջ Իսրայէլի պատկանող վարձկան ձեռքերուն միջոցով գործուած պայթումները սիոնական շահերու կը ծառայեն:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի բուռն կերպով դատապարտեց պայթումները` շեշտելով, որ անոնք միայն իրանեան դեսպանատունը թիրախ չեն դարձներ, այլեւ Լիբանանն ու լիբանանցիները` նկատի ունենալով լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու Թեհրանի ի գործ դրած ջանքերը:

«Այս պայթումները թիրախ կը դարձնեն Լիբանանի միասնականութիւնը եւ լիբանանցիներուն միջեւ երկփեղկումը սրելու բացայայտ փորձ մը կը նկատուին», ըսաւ Պըրրի:

Ընթացիկ հարցերու կառավարութեան վարչապետ Նեժիպ Միքաթի նախագահեց Ազգային տագնապներուն եւ աղէտներուն դէմ դնելու յատուկ յանձնախումբի արտակարգ նիստին, որուն ընթացքին դատապարտեց պայթումները եւ ցաւակցեցաւ զոհերու ընտանիքներուն:

Միքաթի շեշտեց, որ զոյգ պայթումներուն նպատակն է խանգարել Լիբանանի անդորրը եւ Լիբանանը օգտագործել իբրեւ արտաքին պատգամներ փոխանցելու կեդրոն:

bir_hasan6Նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ կոչ ուղղեց Լիբանանը չէզոք պահելու բոլոր այն երեւոյթներէն, որոնք կրնան խանգարել անոր կայունութիւնը: Ան նշեց, որ Պէյրութի մէջ արձանագրուած պայթումները թիրախ կը դարձնեն լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն դատապարտեց իրանեան դեսպանատունը թիրախ դարձուցած պայթումները` շեշտելով, որ անոնք հետեւանք են յուսահատութեան խենթութեան: «Կրնամ պատկերացնել ապագան, եթէ անոնք յաղթական դուրս գան եւ իշխանութիւն ձեռք ձգեն, որովհետեւ այս աստիճան վայրագութիւնը ցուցանիշ է մեզի համար անոնց պահած ապագային», ըսաւ զօր. Աուն:

Ան կոչ ուղղեց ամուր կամքով, բռունցքներով, զէնքով եւ ամբողջ կարողութեամբ դէմ դնելու ահաբեկչութեան երեւոյթին, որ կ՛ուզէ խանգարել երկրին կայունութիւնն ու քաղաքացիին ապահովութիւնը:

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ դատապարտեց Պիր Հասանի պայթումները` շեշտելով, որ անոնք թիրախ կը դարձնեն Դիմադրութեան ուղեգիծը եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը: Ան ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերու ընտանիքներուն եւ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն` հաստատելով, որ իրենք անշեղ կը մնան իրենց համոզումներէն եւ պատասխանատուութեան դիտանկիւնէն մեկնելով` յաւելեալ զգաստութեան կոչ կ՛ուղղեն, յատկապէս այս հանգրուանին:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ դատապարտեց պայթումները` զանոնք նկատելով ահաբեկչական գործողութիւն եւ Լիբանանը թիրախ դարձնող անարգ դաւադրութիւն:

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ դատապարտելէ ետք Ժնահի պայթումները շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը, իւրայատուկ Դիմադրութիւնը եւ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը կ՛երաշխաւորեն լիբանանցիներուն քաղաքացիական անվտանգութիւնը, երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ Լիբանանի դէմ գործուելիք որեւէ ահաբեկչութեան դէմ դնելու կարողութիւնը:

bir_hasan5Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ խստիւ դատապարտեց Պիր Հասանի մէջ գործուած պայթումները` հաստատելով լիբանանեան ազգային երկխօսութեան անյապաղ վերադառնալու կարեւորութիւնը:

«Ազգային երկխօսութիւնը խիստ անհրաժեշտ է այս հանգրուանին, որովհետեւ նոյնիսկ եթէ կարելի չըլլայ միջլիբանանեան տարակարծութիւններուն արմատական լուծումներ գտնել, կարելի պիտի ըլլայ զանոնք մեղմացնել», ըսաւ Ժոմպլաթ:

Ան ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերու ընտանիքներուն եւ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն` շեշտելով, որ ահաբեկչութիւնը լիբանանեան տարբեր շրջաններուն, համայնքներուն կամ յարանուանութիւններուն միջեւ խտրութիւն չի դներ:

Երեկոյեան Ժոմպլաթ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ դեսպան Ապատիի հետ` շեշտելով, որ ահաբեկչութիւնը կոյր է եւ ոչ ոք կը խնայէ:

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան դատապարտելէ ետք Ժնահի պայթումները ընդգծեց, որ ժամանակը հասած է, որ Լիբանանի ճակատագիրին հետ խաղցող կողմերուն խիղճերը արթննան:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի շեշտեց, որ Ժնահի պայթումը դատապարտելի է` աւելցնելով, որ անիկա պէտք է ըլլայ նոր շարժառիթ մը` շրջանին մէջ բռնկած բոլոր հրդեհներէն Լիբանանը հեռացնելու եւ Լիբանանը զերծ կացուցելու Սուրիոյ տագնապին մեղսակցելու վտանգներէն:

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա դատապարտեց պայթումները` ընդգծելով, որ անոնց ետին կանգնողը ոճրագործներ են եւ ահաբեկիչներ, որոնց պէտք է հաշուետուութեան կանչել:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի, շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան եւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան դատապարտեցին Պիր Հասանի պայթումները` զանոնք նկատելով Լիբանանի մէջ սադրանքներ նախապատրաստող ահաբեկչութիւններ:

bir_hasan4ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն դատապարտեց Պէյրութի իրանեան դեսպանատան դէմ գործուած պայթումները:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի դատապարտեց Ժնահի պայթումները` շեշտելով շրջանին մէջ ահաբեկչական գործողութիւններուն վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը:

ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն դեսպան Նաուաֆ Սալամ Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջեց խստիւ դատապարտել Պէյրութի մէջ գտնուող իրանեան դեսպանատունը թիրախ դարձուցած պայթումները:

Երեկոյեան Ապահովութեան խորհուրդը դատապարտեց պայթումները եւ կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն պահպանելու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը եւ Սուրիոյ տագնապին միջամուխ չդառնալու:

Դամասկոս խստիւ դատապարտեց պայթումները:

Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զոհպի շեշտեց, որ իրանեան դեսպանատունը թիրախ դարձնող պայթումէն «փեթրոտոլար»-ի հոտ կու գայ: Ան շեշտեց, որ պայթումները ծրագրաւորուած են եւ անոնց ետին կը կանգնին Սէուտական Արաբիան ու Իսրայէլը:

Իր կարգին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի քաղաքական հարցերու խորհրդատու Պուսայնա Շաապան դատապարտեց Ժնահի պայթումները եւ ահաբեկչական խմբաւորումները ամբաստանեց Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը խախտելու յանցանքով:

Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի դատապարտեց Պէյրութի իրանեան դեսպանատան դէմ գործուած ահաբեկչութիւնը, որ թիրախ կը դարձնէ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

bir_hasan3Քաթար խստիւ դատապարտեց Պէյրութի մէջ գործուած ահաբեկչական արարքները` շեշտելով, որ նման արարքներ կը հակադրուին մարդկային եւ բարոյական արժէքներուն:

Մոսկուա խստիւ դատապարտեց Պէյրութի իրանեան դեսպանատունը թիրախ դարձնող պայթումները: Ան կոչ ուղղեց պատժելու յանցագործները եւ միջազգային ընտանիքէն պահանջեց յստակ կեցուածք մը որդեգրել ոճրային այս արարքին նկատմամբ:

Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց Պէյրութի զոյգ պայթումները:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ դատապարտեց իրանեան դեսպանատունը թիրախ դարձուցած ահաբեկչութիւնը` շեշտելով, որ Լոնտոն նախանձախնդիր կը մնայ Լիբանանի ապահովական կայունութեան:

Սպիտակ տունը խստիւ դատապարտեց Պէյրութի իրանեան դեսպանատունը թիրախ դարձուցած քստմնելի պայթումները եւ ինքնազսպումի կոչ ուղղեց:

Եւրոպական Միութիւնը խստիւ դատապարտեց իրանեան դեսպանատունը թիրախ դարձուցած ահաբեկչական գործողութիւնները` ընդգծելով, որ քաղաքայիններուն դէմ բռնարարքները խիստ մերժելի են:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )