Հաղորդագրութիւն
Երէկ Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի դատապարտեց Ժնահի պայթումները:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի կը դատապարտէ Ժնահի մէջ արձանագրուած ահաբեկչութիւնը, որ թիրախ դարձուց իրանեան դեսպանատունն ու անմեղ քաղաքացիները:
Ոճրային այս արարքը երկչոտ արարք մըն է, որ թիրախ կը դարձնէ ամբողջ Լիբանանը: Այս արարքին նպատակն է քայքայել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը եւ երկիրը առաջնորդել դէպի սադրանքներ, քաղաքական երկփեղկում եւ համայնքային տարակարծութիւններու խորացում:
Մենք այսօր, ամէն ժամանակէ աւելի, կարիքը ունինք ներքին լիբանանեան միասնականութեան եւ համախոհութեան, որպէսզի կարենանք հեռացնել Լիբանանը հարուածող եւ զայն քանդել միտող դաւադրութիւնները, ինչպէս նաեւ ամէն չարիքէ փրկել երկիրն ու քաղաքացիները:
Կոչ կ՛ուղղենք նաեւ արտաքին բոլոր գրաւները ձախողեցնելու եւ վերադառնալու ազգային երկխօսութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ պարտութեան մատնել բոլոր այն ծրագիրները, որոնք Լիբանանը դէպի բռնարարքներ ներքաշելու առումով անդրդուելի կը մնան:
Կը խնդրենք բանակէն եւ ապահովական կառոյցներէն բացայայտել ոճրագործները եւ զանոնք ենթարկել խստագոյն պատիժներուն:
Աստուած պայթումին պատճառած բոլոր զոհերուն հոգին լուսաւորէ եւ բարի ապաքինում բոլոր վիրաւորներուն:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ՊԼՈՔԻ
ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ