Հաղորդագրութիւն
Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն խստիւ կը դատապարտէ Ժնահի մէջ գտնուող իրանեան դեսպանատունը թիրախ դարձուցած ահաբեկչական արարքը, որուն պատճառով զոհուեցան մեծ թիւով անմեղ քաղաքացիներ:
ՀՅԴ-ն նկատել կու տայ, որ այս պայթումը թիրախ կը դարձնէ Լիբանանը, որուն գերիշխանութեան դէմ դարձեալ ոտնձգութիւն գործուած է եւ ապահովական կայունութիւնը խախտած:
ՀՅԴ-ն կոչ կ՛ուղղէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն` Լիբանանի դէմ նիւթուող սադրանքներուն, բռնարարքներուն եւ դաւադրութիւններուն մէջ չներքաշուելու, այլ` դիմադրելու անոնց ազգային միասնականութեամբ եւ Լիբանանը տագնապներէ չէզոք պահելով:
ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն կոչ կ՛ուղղէ լիբանանեան բանակին եւ ապահովական մարմիններուն` բացայայտելու պայթումներուն դրդապատճառները եւ խիստ պատիժներու ենթարկելու յանցագործները:
ՀՅԴ-ն յանձնառու է բոլոր լիբանանցիներուն անվտանգութեան` շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով բոլոր վիրաւորներուն, ինչպէս նաեւ համբերութիւն` զոհերու ընտանիքներուն:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

