«Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Դրական Փորձը Պէտք Է Տարածուի Նաեւ Համարկումի Միւս Երեսներուն Վրայ» Կ՛ըսէ Վահան Յովհաննիսեան

Vahan-Hovhannisyan-4Երէկ «Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւնը եւ ապահովութեան ժամանակակից մարտահրաւէրները» միջազգային վեհաժողովի ընթացքին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան խօսելով «Սպառնալիքները եւ մարտահրաւէրները Հարաւային Կովկասի եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան մէջ» նիւթին մասին յայտարարեց, որ յետխորհրդային տարածքին մէջ համարկման բոլոր նախագիծերէն Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւնը  ամէնէն արդիւնաւէտը, գործունեան եւ կայացածն է:

Յովհաննիսեան ընդգծեց, որ Հայաստանի համար Եւրոպական Միութեան «Արեւելեան գործընկերութեան» նախագիծը առայժմ յետաձգուած է, քանի որ քաղաքականութեան մէջ Եւրոպական Միութիւնը ամբողջ պատասխանատուութիւնը ձգեց նոր գործընկերներուն` պալթեան պետութիւններու, Լեհաստանի եւ Ռումանիոյ վրայ: Ըստ անոր, հին Եւրոպան պարզապէս չէր ներառուած այս նախագիծին մէջ, եւ ատիկա որոշակի բացասական արդիւնքներ տուաւ: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը յայտնեց, որ Եւրոպական Միութեան հռետորաբանութիւնը անխուսափելի հակառուսական երանգաւորում ստացաւ: Ան աւելցուց, որ Ռուսիոյ քաղաքական բազմաթիւ շրջանակներ չհասկցան, որ Հայաստանի «Արեւելեան գործընկերութեան» քաղաքականութեան մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ եւ բոլորովին այլ օրակարգ ունի:

Ան ընդգծեց, որ Հաւաքական անվտանգութեան կազմակերպութիւնը կը տարբերի անով, որ այնտեղ կը կարենան ազգային շահերը միատեղել: «Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան դրական փորձը պէտք է տարածուի համարկման միւս երեսներուն վրայ», շեշտեց Յովհաննիսեան:

Ինչ կը վերաբերի Վիեննայի մէջ տեղի ունենալիք Սերժ Սարգսեան – Իլհամ Ալիեւ հանդիպման, Վահան Յովհաննիսեան առանձնապէս այդ հանդիպումէն ակնկալիքներ չունի, քանի որ անոնց համար որոշ հիմքեր պէտք են: «Ազրպէյճանցի պաշտօնեաներու, որոնց շարքին պաշտպանութեան նոր նախարարին, կառավարութեան նոր անդամներուն, պատգամաւորներուն եւ Ազրպէյճանի վերջին ամիսներու յայտարարութիւնները ոչ մէկ յոյս կը ներշնչեն, որ իրենց մօտեցումներուն մէջ որոշ բան փոխուած է, որ իրենք դարձած են աւելի զիջող եւ իրատես», յայտնեց Յովհաննիսեան:

Այսուհանդերձ բարձր գնահատելով եւ ընդգծելով երկու նախագահներու տեղի ունենալիք հանդիպման կարեւորութիւնը` Վահան Յովհաննիսեան շեշտեց, որ յստակօրէն այդ հանդիպումէն ինքը մեծ ակնկալիք չունի, քանի որ այսպիսի հանդիպումները ի վերջոյ կիսաբաց կը ձգեն խաղաղութեան տանող դուռը:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք կարելի՞ է Ռուսիոյ նախագահին Հայաստան այցելութիւնը դիտարկել Հայաստանի` Մաքսային միութեան միանալու նախապատրաստութեան ծիրին մէջ, Յովհաննիսեան յայտնեց, որ իւրաքանչիւր այսպիսի այցելութիւն որոշակի նպատակներ կը հետապնդէ եւ թելադրուած է որոշակի անհրաժեշտութեամբ: «Պէտք չէ մոռնալ, որ վերջերս Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի եւ Ռուսիոյ խորհրդարանի ԱՊՀ-ի հարցերով յանձնախումբի միացեալ նիստերուն ընթացքին, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտարարեց, որ յաջորդ տարուան փետրուարին Երեւան, աւարտելով բոլոր անհրաժեշտ փաստաթուղթերուն նախապատրաստումը, պատրաստ պիտի ըլլայ Մաքսային միութեան անդամակցութեան», ըսաւ Յովհաննիսեան:

Անդրադառնալով վերջերս Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի եւ Ռուսիոյ խորհրդարանի ԱՊՀ-ի հարցերով յանձնախումբի հանդիպման ժամանակ ռուս պատգամաւորներէն մէկուն դիտարկման, թէ անհրաժեշտ է քայլերու ձեռնարկել Հայաստանի մէջ ռուսերէնի իմացութեան մակարդակի բարձրացման ուղղութեամբ` Վահան Յովհաննիսեան յայտնեց. «Որեւէ համարկման հոլովոյթի մէջ ազգամիջեան յարաբերութեան կամ տնտեսվարող ենթականերու լեզուն միասնական դարձնելու առումով որոշ քայլեր կը կատարուին: Այստեղ տարօրինակ ոչինչ կայ: Օրինակ` հակառակ անոր որ Անգլիան ամէնէն քիչ ներգրաւուած պետութիւնն է Եւրոպական Միութեան մէջ, բայց անգլերէնը այնտեղ համատարած կերպով կը գործածուի դիւանագիտական, տնտեսական, կրթական եւ այլ ասպարէզներուն մէջ»:

Ըստ Վահան Յովհաննիսեանի, Եւրասիական Միութեան կամ Մաքսային միութեան տարածքին մէջ այսպիսի դեր կրնայ խաղալ ոչ թէ հայերէնը կամ ղազախերէնը, այլ ռուսերէնը. «Բայց կան նաեւ ուրիշ բաներ Եւրոպայի մէջ, որոնք կարելի է ընդօրինակել: Այնտեղ անդամ բոլոր երկիրներու ազգային լեզուները կը ճանչցուին իբրեւ արժէք բոլորին համար, եւ անոնց ուսումնասիրութեան եւ անոնց անկումը կասեցնող միջոցառումները բաւական լուրջ տեղ կը գրաւեն»:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը նշեց, որ Հայաստանի` Մաքսային միութեան անդամակցելէն ետք` ռուսական իշխանութիւնները պէտք է քայլերու ձեռնարկեն Ռուսիոյ հայաշատ վայրերուն մէջ հայոց լեզուի պահպանման եւ զարգացման ուղղութեամբ:

Share this Article
CATEGORIES