Քերրի Եւ Տաւութօղլու Քննարկած Են Ղարաբաղի Հարցը
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը 18 նոյեմբերին յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու, այլ հարցերու կողքին քննարկած են նաեւ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցը:
Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Քերրի նշած է, որ ինք զրոյցներ ունեցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հետ: «Ես վերջին 48, աւելի ճիշդ 72 ժամուան ընթացքին խօսած եմ նախագահ Ալիեւի եւ նախագահ Սարգսեանի հետ: Մօտիկ ապագային անոնք պիտի հանդիպին: Մենք հանդէս կու գանք հոլովոյթի յառաջընթացի օգտին եւ պիտի շարունակենք ներգրաւուած ըլլալ այս հարցին մէջ», յայտարարած է Քերրի:
Տաւութօղլու յոյս յայտնած է, որ սառեցուած տագնապը շուտով լուծուի, ինչ որ խաղաղութիւն պիտի բերէ Կովկասին: «Այսօր ես ուրախ եմ, որ Ճոն Քերրին ու ես եւ Միացեալ Նահանգները այս հարցին կը մօտենանք նոյն հեռանկարի տեսանկիւնէն: Մենք յոյս ունինք, որ Սարգսեանի եւ Ալիեւի հանդիպումը յաջող ըլլայ», յայտարարած է Տաւութօղլու:

