Նախագահներ Սարգսեան Եւ Ալիեւ Հանդիպում Ունեցան Վիեննայի Մէջ

4724_bԵրէկ Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը, որ լրագրողներուն համար փակ էր:

Լրագրողներուն միայն թոյլ տուին ներս մտնել այն սենեակը, ուր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները կանգնեցան կողք-կողքի եւ նկարուեցան: Անոնք կը զրուցէին, բայց ձեռքսեղմում չկատարուեցաւ:

Մօտ երկու ժամ տեւած բանակցութիւններէն ետք նախագահ Սերժ Սարգսեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին «բնականոն» գնահատեց այդ բանակցութիւնները:

Նախագահներու այս հանդիպումը շատ կարեւոր էր այն առումով, որ շուրջ երկու տարի անոնք չէին հանդիպած, եւ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթը ըստ էութեան մտած էր փակուղի, ուրկէ կը թուէր, թէ այլեւս ելք չկայ: Բաւական լարուած իրավիճակ ստեղծուած է նաեւ սահմանին վրայ, ուր հակառակորդի կրակոցները սովորական երեւոյթ դարձած են, իսկ վերջերս ալ զինուորները մարտական հերթապահութեան տեղափոխող զինուորական ինքնաշարժներու շարասիւնին վրայ բացուած կրակային իբրեւ հետեւանք զոհուած էր 19-ամեայ ժամկէտային զինուոր մը, հրազէնային տարբեր աստիճանի վնասներ ստացած էին անոր հասակակից երեք ժամկէտային զինուորներ:

Նախանցեալ երեկոյեան նախագահ Սերժ Սարգսեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ: Նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ երկու կողմերն ալ համաձայնած են, որ տագնապին խաղաղ լուծումը այլընտրանք չունի: Ամերիկեան կողմը յորդորած էր հայկական կողմին լուծումներ գտնել:

Նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա նամակ ուղարկած էր Իլհամ Ալիեւին` յորդորելով անոր չփախցնել պատմական առիթը եւ օգտագործել նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպումը` տագնապի լուծման համար: Ռուսական կողմը եւս կը յորդորէ Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին նստիլ բանակցային սեղանի շուրջ:

Մինսքի Խմբակի Հաղորդագրութիւնը

Վիեննայի մէջ երէկ տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպումէն ետք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները հանդիպման արդիւնքներուն մասին տարածած են մամլոյ հաղորդագրութիւն մը:

«Համանախագահները Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը ողջունեցին Վիեննայի մէջ, ուր նախագահները ժամանած են երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ընկերակցութեամբ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման ուղղուած բանակցութիւնները շարունակելու նպատակով: Հանդիպումին ներկայ եղած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները (Ռուսիա, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը: Ասիկա նախագահներուն առաջին հանդիպումն էր 2012-ի յունուարին Սոչիի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովէն ետք», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ, որուն բնագիրը տարածած է Հայաստանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը:

«Առանձնազրոյցի, ապա ատոր յաջորդած համանախագահներու եւ նախարարներու հետ աշխատանքային հանդիպումին ընթացքին նախագահները քննարկած են ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ:

«Նախագահները համաձայնած են թափ հաղորդել հետագայ բանակցութիւններուն` ուղղուած խաղաղ լուծման ձեռքբերման, եւ յանձնարարել իրենց արտաքին գործոց նախարարներուն` համանախագահներուն հետ միասին, կատարուածին հիման վրայ շարունակելու աշխատանքը` խաղաղ հոլովոյթի աշխուժացման նպատակով: Անոնք համաձայնած են դարձեալ հանդիպիլ յառաջիկայ ամիսներուն», կը յայտարարեն Մինսքի խմբակի համանախագահները:

Համանախագահները նաեւ կը տեղեկացնեն, որ իբրեւ հետագայ քայլ` իրենք պիտի կազմակերպեն աշխատանքային հանդիպումներ նախարարներու հետ ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստի «հարթակներուն վրայ». նիստը տեղի պիտի ունենայ 5-էն 6 դեկտեմբեր` Քիեւի մէջ: Համանախագահները կը ծրագրեն մինչեւ ընթացիկ տարուան վերջը շրջան այցելել:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (1)
  • Վահան Վանական 9 years

    Սերժ Սարգսեան «բնականոն» գնահատեց այդ բանակցութիւնները:

    Տարբեր ձեւով չէր կրնար վերջանալ՝ ինչպէս միշտ՝
    Երբ Քոչուոր Թուրք-Ազէրիին Հրետանիները կը թնդան Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններուն երկանքին, կարելի չէ որ զիրար հասկնան.

    Եւ «բնականոն» գնահատել կը նշանակէ՝ չյայտարարուած պատերազմը պիտի շարունակուի.

    Եւ վերջը՝

    Վստահաբար, Ալիեւի ձեռքերը կապուծ՝ այսօրուա Սդադիւ Քուօն (Statu Quo) պիտի շարունակուի.

    Ի նպաստ որու, Վստահաբար եւ անկասկած Արցախի.

    Եւ Ալիեւ՝ իւրաքանչիւր Թուրքիա՝ իր ցեղակից եղբայրներուն այցելութեան պիտի յիշեցնէ՝
    Որ շատ կը տառապին Արցախին համար.

    Եւ այս կը նշանակէ Հազար Տարուան Անտանելի եւ Անկոչ Հիւրին Վերջաւորութիւնը.
    Նոր Ալբասլաններ՝ իրենց Քոչուոր Ագգոյունլու եւ Գարագոյուլուներով այլեւս չեն կրնար արշաւել Հայաստանի վրայ.

    Վահան Վանական,
    Զուիցերիա

  • Disqus ( )