Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Քանի մը պարտաւորութիւններ ունիք այսօր, քիչ մը պիտի յոգնիք, բայց ձեր յոգնութիւնը շուտ պիտի փարատի` տեսնելով յաջող գործը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Պիտի ուզէք մեղմացնել ձեր շուրջը կատարուած վէճը, բայց ձեր միջամտութիւնը աւելի պիտի բարդացնէ հարցը: Հեռու մնացէք նման հարցերէ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Անկարեւոր ծախսեր մի՛ ընէք, անօգուտ գնումներու դրամ մի՛ տաք: Այս կը նշանակէ, թէ պէտք է արժէքը գիտնաք ձեր շահածին: Խնայասէր եղէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Դուք ազատ էք ձեր ուզածը կատարելու, հետեւաբար պիտի գիտնաք, թէ ինչպէ՛ս կարելի է դասաւորել հարցերը ազատութեան մէջ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պիտի կարենաք ձեր տան մէջ առիթ մը ունենալ առանձին խոկալու եւ նոր ծրագիրներ մշակելու` ըստ ձեր ճաշակին եւ կարողութեան:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ունիք նոր գաղափարներ եւ միտքեր, զանոնք պիտի փոխանցէք ձեր շուրջիններուն: Պիտի ընդունուին ձեր մտածումները ամէնուն կողմէ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ուրիշներ յանցանք կամ թերութիւն կ՛ունենան անկասկած, բայց դուք ալ անդրադարձէք ձեր թերութիւններուն եւ սրբագրեցէք զանոնք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ունիք ձեր շուրջինները հիւրասիրելու կամ մեծարելու նուրբ զգացողութիւն, բայց անոնք պէտք է հասկնան ձեր վեհանձնութիւնը եւ օրինակ առնեն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ մտահոգութիւն ունիք` վարչական, ընտանեկան կամ միութենական գործունէութիւն իրագործելու, դիմեցէք փորձագէտ անձերու: Համեստ եղէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Համաձայնութեան մը համար կատարուած բանակցութիւնը քիչ մը դժուար պիտի ըլլայ: Շատ բան մի՛ յուսաք այս հարցէն: Մի՛ մտահոգուիք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Աշխատանքի մէջ ձեր կատարելիք գործերը կը պահանջեն ժամանակ: Աճապարանքով մի՛ գործէք, լաւ սերտեցէք ձեր ծրագիրը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Վիպային երեկոյ մը պիտի ունենաք, զգացական հարցեր պիտի ծագին. այսուհանդերձ, լուրջ մօտեցում ցուցաբերեցէք տուեալ խնդրին: Լաւ մտածեցէք:

