50 Տարի Առաջ (21 Նոյեմբեր 1963)
Երգարուեստ
Ռոզի Արմէն
Բարձրացող Աստղ Մը
Թուխ, սեւաչուի, 22 տարեկան այս հայուհին` Ռոզի Արմէն, բուն անունով Ռոզ Յովհաննէսեան, մօտ շաբաթէ մը ի վեր Պէյրութի «Էփի քլապ» զբօսավայրին մէջ կը հմայէ ունկնդիր հասարակութիւնը իր թաւշային ձայնով, որ ֆրանսական ոճին մէջ կը մտցնէ հայկական քնքշութիւնը, արդիւնաւէտ բարեխառնութեամբ մը:
Իր Էմփրեզարիոյին Նուպար Խուպեսերեանի եւ դաշնակահար Ժերար Տէր Խաչատուրեանի հետ «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ մեր տեսակցութեան ընթացքին Ռոզի Արմէն շահեկան տեղեկութիւններ տուաւ մեզի իր սկզբնական քայլերուն մասին:
Ծնած` Փարիզ, Ռոզ Յովհաննէսեան, որ ՎՕԿ երգապնակի ընկերութեան հետ համաձայնելէ ետք պիտի դառնար Ռոզի Արմէն (շեշտելով իր հայկականութիւնը), դեռատի հասակին երգած է երգչախումբերու, եկեղեցիներու եւ սիրողներու խումբերուն մէջ:
Սիրողներու մէկ երեկոյթին գրաւած է ուշադրութիւնը ՎՕԿ-ի տնօրէնին, որ առաջարկած է ձայնապնակի վրայ առնել իր երգերը: Առաջին առթիւ ձայնագրուած է «Փրնէ կարտը», կէս հայկական, կէս ֆրանսական ոճով, ապա` «Մուա քի թ՛էմը», «Էօն սիէլ նուվօ» եւ այլն: Պատրաստած է, հետագային, չորս երգապնակներ եւս, որոնք իր անունը բարձրացուցած են Ֆրանսայի նորահաս տաղանդաւոր երգչուհիներու շարքին:
Բոլորովին սկիզբը զինք քաջալերած են Լուիզ Մարիանօ եւ Աննի Քորտի:
Իր նախասիրած երգիչնե՞րը. Փոլ Անքա (լիբանանեան ծագումով), Շարլ Ազնաւուր (բնականաբար` կ՛ըսէ ինք), անշուշտ` Ժիլպեր Պեքօ եւ Քոլեթ Ռընար:
Հիացումով կ՛արտայայտուի «Նոր ալիքի» մասին` յիշելով մասնաւորաբար Ժան Նուկարոն եւ Լենի Էսքիւտերոն:
Էտիթ Փիաֆի մա՞հը: Մեծ կորուստ մը` ֆրանսական երգին համար, որովհետեւ կը հաւատայ, թէ Փիաֆ աշխարհի քանի մը մեծերէն մէկը եղաւ:
Ուրախութիւն կը յայտնէ եկած ըլլալուն համար Լիբանան, ուր հաճոյքով նկատած է, թէ հայութիւնը կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ այս երկրի առեւտրական եւ արուեստի մարզերուն մէջ: «Մեծ հաճոյքով պիտի վերադառնամ այս երկիրը», ուր գտած է համակրելի ժողովուրդ մը, որ պէտք է գնահատել:
Խոստանալով անպայման լսել զինք` կը բաժնուինք լաւագոյն տպաւորութիւններով:
Հայկական Կեանք
Վազգէն Ա. Վեհափառին Մեկնումը
Եգիպտոսէն
13 օր մնալէ ետք Գահիրէ եւ Աղեքսանդրիա, Ամենայն հայոց կաթողիկս Վազգէն Ա. ամսոյս 14-ին հրաժեշտ առած է մեկնելու համար Հնդկաստան, ուր հիւրը պիտի ըլլայ Մալապարի եկեղեցւոյ հայրապետ Բազիլիոս Բ.ին, որ պիտի այցելէ նաեւ տեղւոյն հայ գաղութին:
Մեկնումի պահէն առաջ մեծ բազմութիւն մը լեցուցած էր Գահիրէի օդակայանի սպասման սրահները: Ներկայ եղած են Գահիրէի ու Աղեքսանդրիոյ Ազգային իշխանութեանց, հայ մամուլին, յարանուանութեանց եւ զանազան միութիւններու ներկայացուցիչները:
Օդակայան հասնելուն պէս վեհափառը ողջունուած է նախագահ Նասըրի ներկայացուցիչին կողմէ, որ մասնաւոր կերպով ղրկուած էր վեհափառին հաղորդելու նախագահին մասնաւոր բարեւները ու ողջերթ մաղթելու:
Վեհափառը առաջնորդուած է ականաւոր հիւրերու ընդունելութեան սրահը, ուր Ան իր քովն ունենալով նախագահ Նասըրի ներկայացուցիչը` ընդունած է ողջերթի մաղթանքները բոլորին: Ապա ուղղուած է «Էր Ինտիա» օդանաւը եւ ներկաներու յուզումնախառն ծափերուն մէջ, հայրական օրհնութիւնը բաշխած է գաղութին եւ իր ներկայացուցիչներուն:
Նախքան իր մեկնումը, նոյն օրը առաւօտեան «Սամիրամիս» պանդոկի իր յարկաբաժնին մէջ վեհափառը ընդունած է «Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութեան նախագահ Ա. Չագըճեանը եւ անդամներէն Կայծ Կոկանեանը եւ Ն. Գալուստեանը, որոնք Անոր նուիրած են լուսանկարներու շքեղ ալպոմը: Վեհափառը իր մասնաւոր գնահատանքը յայտնած է, ապա առ ի գնահատութիւն` «Յուսաբեր մշակութային ընկերկացութեան նուիրած է յիշատակի նկարներ Հայաստանէն, ինչպէս նաեւ` իր մէկ լուսանկարը, որոնք անձնապէս ստորագրուած են հայրապետին կողմէ:

