Փորձ-Հարցարան. Կաղանդի Նուէրը
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան, թէ Կաղանդի նախօրեակին շատեր մեծ դժուարութիւն կ՛ունենան նուէրներու ընտրութեան գծով. նաեւ կը դժուարանան որոշելու, թէ նուէրը պէտք է ամէն գնով օգտակար եւ դաստիարակի՞չ ըլլայ, թէ՞ պարզապէս անակնկալի բերէ եւ ուրախացնէ ստացողին:
Իսկ դուք գիտէ՞ք յարմար նուէրներ գնել, թէ՞…
1
Կաղանդը մեծ քայլերով կը մօտենայ, նուէրներու գծով`
բ.- Տակաւին շուկայ չէք իջած:
ա.- Արդէն շուկայ իջած էք եւ քիչ թէ` շատ` որոշումներու յանգած էք:
գ.- Արդէն նուէրներուն մեծ մասը գնած ու ծրարած էք:
2
Լաւ նուէր մը ընտրելու համար`
գ.- Խնդրոյ առարկայ անձին կը դիմէք, որպէսզի անոր ճաշակին բան մը գնէք:
բ.- Կը փնտռէք օգտակար եւ նպատակի ծառայող նուէր մը:
ա.- Օրուան տրամադրութենէն կախեալ է, կը ներշնչուիք ու կը գնէք:
3
Կաղանդի նուէր գնելու համար`
ա.- Յստակ պիւտճէ մը չէք ճշդած եւ վերջին նուէրին համար դրամ չունիք…
բ.- Մօտաւոր պիւտճէ մը ճշդած էք:
գ.- Յստակ պիւտճէ մը ճշդած էք եւ անկէ չէք կրնար շեղիլ:
4
Կ՛որոշէք ձեր քրոջ համար գնել այս զքանչելի հագուստը.
բ.- Ծախող օրիորդին կարծիքին կը դիմէք:
գ.- Վստահ էք հագուստին չափին եւ գոյնին գծով:
ա.- Ձեր քրոջ չափը չէք գիտեր, աչքի չափով հատ մը կը գնէք:
5
Երբ անզօր էք նուէր ընտրելու,
գ.- Դրամ կը նուիրէք:
ա.- Անուշահոտ կը նուիրէք:
բ.- Գիրք կը նուիրէք:
6
Ձեր կարծիքով, իսկապէս հաճոյք պատճառող նուէրը այն է, որ`
ա.- Մեծ սիրով ընտրեցիք:
գ.- Անսովոր է եւ ստացողին միտքէն չ՛անցնիր:
բ.- Ամէն բանէ առաջ օգտակար է:
7
Կաղանդին բան մը նուիրելը ձեզի համար`
գ.- Հաճոյք է:
բ.- Լաւ, սակայն յոգնեցուցիչ է:
գ.- Անխուսափելի պարտականութիւն մըն է:
8
Ձեր կարծիքով, անյարմար է`
բ.- Յղի կնոջ մը խմիչք նուիրելը:
ա.- Լոգանքի օճառներ նուիրել լոգարան չունեցող անձի մը:
գ.- Հրահան նուիրել չծխող անձի մը:
9
Ձեր քոյրը շատ կը սիրէ կերակուրներ պատրաստել, կ՛որոշէք`
ա.- Խոհագիրներու գիրք մը գնել:
գ.- Խոհարարութեան դասընթացքի կտրոն մը նուիրել:
բ.- Խոհանոցային իրեր նուիրել:
10
Ձեր կարծիքով, հաճոյք պատճառող նուէր է`
բ.- Անսովոր նուէրը:
ա.- Սուղ նուէրը:
գ.- Ստացողին ճաշակին յարմարող նուէրը:
Պատասխան
Հաշուեցէք ձեր կէտերը հետեւեալ ձեւով. 1 կէտ` «ա» պատասխանին համար, 2 կէտ` «բ»-ին եւ 3 կէտ` «գ»-ին:
Եթէ 10-15 կէտ ապահովեցիք, նուէր գնելը ձեզի համար բաւական դժուար եւ յոգնեցուցիչ պարտականութիւն է: Յաճախ սխալ ընտրութիւնները կ՛ընէք եւ վերջին վայրկեանին կը ձգէք այս կարեւոր գործը:
***
Եթէ 16-23 կէտ հաւաքեցիք, հակառակ որ նուէր փնտռելն ու նուիրելը հաճոյք է ձեզի համար, սակայն միեւնոյն ատեն կը դժուարանաք ճիշդ ընտրութիւններ կատարելու եւ ծայրայեղութիւններու մէջ կ՛իյնաք: Եղէք պարզ եւ նուէրի ընտրութեան ընթացքին նկատի ունեցէք ստացողին ճաշակը եւ հետաքրքրութիւնները:
Երանի անոնց, որոնք ձեզմէ նուէր պիտի ստանան, գրեթէ միշտ ձեր ընտրութիւնները հաճոյք կը պատճառեն ստացողներուն, որովհետեւ պատահականութեան չէք ձգեր: Ամէն բան ծրագրուած եւ նախատեսուած է մեծ սիրով եւ գուրգուրանքով:
Նոր Տարուան Նախօրեակին
Տօնածառի Յարդարանք
Շատեր նոյեմբերի վերջը եւ դեկտեմբերի սկիզբը արդէն իսկ կը յարդարեն տօնածառը: Ոմանք ունին իրենց աւանդական ոճը եւ չեն շեղիր անկէ, ուրիշներ, ընդհակառակը, նոր միտքեր ու գաղափարներ կը փնտռեն տօնածառի ընտրութեան եւ յարդարման իմաստով:
Ստորեւ` քանի մը հետաքրքրական գաղափար: Նշենք, որ տօնածառերէն ոմանք ճաշի սեղանի վրայ զետեղուելու համար են, անոնք պատրաստուած են կանաչ ծաղկակաղամբով, ելակով կամ պտուղներով: Մնացեալները բացատրութեան չեն կարօտիր, նկարները բաւարար խօսուն են:






Խոհանոց–Խոհագիր
Տարեհաց
Ազգագրագէտ եւ «Աշխարհը ձեր խոհանոցում» գիրքի հեղինակ Սոնիա Թաշճեան կ՛ըսէ. «Ես միշտ հաւասարակշռուած եւ ժուժկալ սեղաններու կողմնակից եմ: Ցանկալի է, որ Ամանորին տարեհաց պատրաստուի եւ դրուի սեղանին վրայ: Տարեհացը կը խորհրդանշէ առատութիւն եւ բարօրութիւն: Պէտք չէ մոռնալ մետաղադրամ մը: կամ հոնի կորիզ մը դնել տարեհացին մէջ:
Անիկա սեղանին վրայ կը ներկայացնէ անցած տարին, զայն պէտք է 4 կամ 12 մասի բաժնել եւ Նոր տարուան գիշերը սպառել:
Խոզի պուտը մերը չէ, պէտք է պատրաստել հայկական խորովուն` ոչխարի միսով կամ արցախեան հնդկահաւ` լեցուած այլազան չոր մրգեղէններով:
Ամանորին սեղաններու առատութիւն աւանդաբար եղած է, սակայն սեղանը լեցուած եղած է 7 տեսակի միրգերով, 7 տեսակի հատաբոյսերով, որովհետեւ 7-ը կը նշանակէ տիեզերքի ամբողջականութիւն»:
Տարեհացի պատրաստութեան համար անհրաժեշտ են
1 բաժակ ձէթ
1 բաժակ շաքար (կարելի է նաեւ 1 ապուրի դգալով բաւարարուիլ)
1 բաժակ եռացած ջուր
5 բաժակ ալիւր
1 բաժակ կտրտուած չոր միրգեր
1 բաժակ ընկուզեղէն
1 թէյի դգալ սոտա
Պատրաստութիւն
Բոլոր բաղադրիչները միասին շաղել, ստացուած խմորը ձուաձեւ կամ կլոր ձեւաւորել, մէջը կորիզ մը կամ մետաղադրամ մը զետեղել, երեսը հաւկիթի դեղնուց քսել եւ զարդարել այլազան սերմերով եւ միրգերով:
Ուտելու ատեն որո՛ւ որ բաժին իյնայ մետաղադրամը կամ կորիզը, այդ անձը կը դառնայ տարուան բախտաւորը:
Սեղան բերելէ ետք տարեհացը բաժնել ընտանիքի անդամներուն թիւով կամ 12 կտորի, վերջինս կը խորհրդանշէ տարուան 12 ամիսները:
Շաբթուան Խօսքը
Սիրելի՛ ազգակիցներ,
Երկրագնդի բոլոր միջօրէականներն ու հորիզոնականները անհայրենիք հայի ոտքերով հատած հեռաւոր հարազատներ,
Գալիս է Նոր Տարին, Կաղանդը, Ամանորը:
Գալիս է ու մեզ համար, որ ժողովուրդ ենք, բայց ժողովուած չենք: Ուրեմն թող նա գայ նախ եւ առաջ իբրեւ մէջքապնդող գօտի բոլորիդ համար` աշխարհագրական որ գօտիներում էլ լինենք:
Եթէ համբերութիւնը թել է, մերը պիտի պարան կոչուի եւ հիւսուած լինի ոչ թէ թելերից, այլ ջղերից մեր սեփական, մեր մկաններից ու նեարդներից:
Թող Նոր տարին նորոգի ձեր ջղերը, ամրապնդի ձեր մկանները, երիտասարդացնի ձեր նեարդները: Աչքերը տեսնելու համար են եւ ոչ թէ միայն ճանապարհ պահելու: Բոլորիս աչքերն էլ ճանապարհ են պահում. մենք` ձեր ճանապարհը, դուք` մեր ու ձեր հայրենիքի:
Թող բոլորիս աչքերն էլ պայծառանան Նոր տարում եւ ճանապարհները կրճատուեն, եւ սպասելիքները մօտենան:
Բարին է առաջնորդել մեզ հազարամեակներ շարունակ:
Մեր տուածի գէթ մի մասը պիտի որ մեզ վերադարձնի բախտ կոչուածը, որքան էլ հուլաբար ու ծուլաբար քայլի:
Թող գալիք տարին արագացնի այդ քայլքը, ու բարին հասնի բոլորիդ ու բոլորիս: Թող հայ մանուկներ շատ ծնուեն Նոր տարում եւ ծնուեն ճակատի այլ գրով, կնունքը` որտեղ կ՛ուզի, բայց նրանց հարսանեաց հանդէսը կատարուի մեր Մայր Հայրենիքում, ստորոտներում այն լեռների, ափունքներում այն լճերի ու գետերի, որոնց անունն արտասանելիս դողում են մեր շուրթերը եւ փշաքաղւում մեր մաշկը…
Պ. ՍԵՒԱԿ, 1963 դեկտ. 31

