Ռէալ Մատրիտ Խըտիրան Փոխարինող Մը Պիտի Չփնտռէ
Ռէալ Մատրիտի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի յայտարարեց, որ ակումբի միջնապահ գերմանացի Սեմի Խըտիրայի փոխարէն այլ մարզիկ մը պիտի չփնտռէ` նկատի ունենալով, որ ինք համոզուած է, որ Այսեր Իլիարամենտ եւ Քասեմիրօ ի վիճակի են փոխարինելու վիրաւոր Խըտիրան: Ան վիրաւորուեցաւ Իտալիոյ դէմ տեղի ունեցած մրցումին, երբ բախում մը ունեցաւ Անտրէա Փիրլոյի հետ:
Խըտիրա, որ ենթարկուեցաւ վիրաբուժութեան, մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը դաշտ պիտի չկարենայ ներկայանալ, նշեց արքայական ակումբին հրապարակած մէկ հաղորդագրութիւնը:
CATEGORIES Մարզական

