Թիակօ Սիլվա Չէ Քուէարկած Ի Նպաստ Ռիպերիի

thiago-silvaՓարիզ Սեն Ժերմենի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ Թիակօ Սիլվա իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստի ընտրութեան ընթացքին ինք չէ քուէարկած ի նպաստ Ֆրանք Ռիպերիին, այլ` ի նպաստ Լիոնել Մեսսիին, Քրիսթիանօ Ռոնալտոյին եւ Զլաթան Իպրահիմովիչին:

«Առաջինը նկատի ունիմ Իպրահիմովիչը, որմէ ետք Մեսսին եւ ապա Ռոնալտոն: Անոնք բոլորն ալ սքանչելի ֆութպոլիստներ են, բայց բոլորը առաջին դիրքին վրայ չենք կրնար նշել», Սիլվայի խօսքերը կը մէջբերէ հայկական ArmSport.am լրատու գործակալութիւնը` իր այս լուրը քաղելով Globoesporte.com կայքէջէն:

Share this Article
CATEGORIES