Ռոնալտինիօ Յոյս Ունի, Որ Մասնակցի 2014-ի Մոնտիալին
Աթլեթիքօ Մինէյրոյի մաս կազմող միջնապահ-յառաջապահ դիրքի վրայ ելոյթ ունեցող Ռոնալտինիօ յոյս յայտնեց, որ իր երկրին` Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ իր մասնակցութիւնը կը բերէ 2014-ի Մոնտիալին, յայտնեց ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը` մէջբերելով abola.pt կայքէջին հրապարակած մէկ լուրը:
«Կը մնամ յուսալից, որ մասնակցիմ հայրենիքիս մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան, բայց կու գամ ըսելու, որ այդ երազներով չեմ ուզեր ապրիլ: Այժմ կեդրոնացած եմ Պրազիլի ֆութպոլի ախոյեանութեան վրայ` փորձելով լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել անոր հետ, որուն շնորհիւ բնականաբար կրնամ լաւագոյն մարզավիճակի մէջ ըլլալ 2014-ի Մոնտիալէն առաջ», ըսաւ Ռոնալտինիօ:
CATEGORIES Մարզական

