Քարփին. «Օզպիլիս Ցարդ 100 Տոկոսով Չէ Համալրուած Խումբին Հետ»
Սպարտակ Մոսկուայի մարզիչ Վալերի Քարփին championat.com կայքէջին հետ իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին նշած է, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող Արազ Օզպիլիս ցարդ 100 տոկոսով չէ համալրուած խումբին հետ:
«Թէեւ ան շատ լաւ մակարդակի վրայ կը գտնուի, սակայն ան շատ յաճախ կը գտնուի իր բարձրութեան վրայ, իսկ երբեմն ալ դաշտին վրայ ինքզինք չի կրնար պարտադրել: Յոյսով ենք, որ ան շուտով կը համալրուի եւ իր կազմին խաղաոճին կ՛ընտելանայ», ըսաւ Քարփին:
CATEGORIES Մարզական

