Լիբանանի Դահուկարշաւի Ֆետերասիոնի Ժողով
Իր գումարած ժողովին ընթացքին, Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնը, քննարկելէ ետք 2012-2013 տարեշրջանին արձանագրուած արդիւնքներն ու Լիբանանի մասնակցութիւնը` միջազգային տարբեր տեսակի մրցաշարքերուն, հրապարակեց 2014 տարեշրջանին իր գործադրելիք յայտագիրը:
Այս ժողովը տեղի ունեցաւ գլխաւորութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Շարպել Սալամէի եւ ներկայութեամբ 23 ակումբներէն ընդամէնը 15-ին, որոնք իրաւունք ունին քուէարկելու եւ անոնց անունը արձանագրուած է ֆետերասիոնին տոմարներուն վրայ:
Ֆետերասիոնին նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ակումբներուն` իրարու միջեւ եղող սերտ յարաբերութիւններուն համար, ինչպէս նաեւ ան իր շնորհակալութեան խօսքը ուղղեց մարզական մամուլին, որ ներկայ կ՛ըլլայ այս մարզաձեւին բոլոր իրադարձութիւններուն:
CATEGORIES Մարզական